«ԱԶԱՏ ՕՐ» Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ելոյթներու շարքին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի մէջ կանգնած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ դափնեպսակներու զետեղման յատուկ արարողութիւն։ […]