ատրպէյճան Կը Ձգտի Ամրագրել Իր Ձեռքբերումները․ «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական փոփոխութիւնը Ատրպէյճանի համեմատաբար նոր պահանջն է։ Նոր կ’ըսենք, որովհետեւ Հայկական հողերու բռնագրաւումէն ի վեր Ատրպէյճանի պահանջները չդադրեցան, սկսեալ Հայաստանի վարչապետին կողմէ Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանաչումէն, շարունակուելով դէպի Արցախի զինաթափում, հայաթափում, Հայոց Պատմութեան դասագիրքերու փոփոխութիւն, հասնելով մինչեւ ականապատուած տարածքներու քարտէզներու շարունակուող պահանջ, իսկ վերջապէս Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջ։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ լոյս տեսած երկրի քաղաքական դէմքերու վերջին շաբաթներու ուղերձները յստակօրէն կը շեշտէին, որ Հայաստան խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է փոխէ իր սահմանադրութիւնը։
Ատրպէյճան մտավախութիւն ունի, որ Հայաստանի ապագայ իշխանութիւնները կարելիութիւն կրնան ունենալ սահմանադրականօրէն անվաւեր համարելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքելի այսպէս կոչուած «խաղաղութեան պայմանագրութիւն»-ը՝ քանի որ սահմանադրութեան մէջ գոյութիւն ունի անկախութեան հռչակագիր, ուր ամրագրուած կը մնան հայ ժողովուրդի ազգային իղձերը, ներառեալ Արցախի հայկականութեան պահպանումը։ Հետեւաբար ալ ապագայ հարցերը, Արցախի վերազատագրման նկրտումները բացառելու եւ Ատրպէյճանի Արցախի բռնագրաւումն ու հայաթափումը վերջնականացնելու համար՝ Ատրպէյճան այս անգամ կը պահանջէ Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, թէկուզ միջամտած ըլլալով Հայաստանի ներքին հարցերուն։

Ատրպէյճանի այս քայլը համազօր է Հայաստանի քաղաքական ու զինուորական պաշարման, որովհետեւ նման պայմաններ պարտադրելով Հայաստանին, ան ոչ միայն կը միջամտէ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, այլեւ այնտեղ նոր իրողութիւններ կը ջանայ ստեղծել. Իրողութիւններ, որոնց լոյսին տակ Հայաստան վերջնականապէս պատմութեան աղբամանին մէջ կը շպրտէ արցախեան պայքարի երեսուն տարիներու ձեռքբերումները, Արցախի ինքնորոշման միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքը, իր զաւակներուն արձանագրած հերոսական էջերը եւ կը հաստատէ Ատրպէյճանի տեսակէտը Արցախի ու Հայաստանի տարածքներու հասցէագրման գծով։

Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած սահմանադրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ արտայայտել հայ ժողովուրդի կամքն ու ձգտումները սակայն։

Հայաստան փորձելով իջեցնել իր նշաձողերը, իր որոշումները նոյնացնելով միջազգային հանրութեան Արցախը ուրացող որոշումներուն հետ, ինչպիսի՞ առաւելութիւններ ստացաւ։ Պատերազմէն ետք ստորագրուած 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրն անգամ միակողմանի զիջումներու փաստաթուղթի մը վերածուեցաւ ու Ատրպէյճան իր պարտաւորութիւններուն մեծամասնութիւնը ոչ միայն չկատարեց, այլեւ կրկին դիմեց ռազմական միջոցներով գետնի վրայ կացութիւններ փոխելու։

Նոյն Ատրպէյճանը բնականաբար պիտի չսահմանափակէ իր պահանջները, նոյնիսկ սահմանադրութեան փոփոխութեամբ, որովհետեւ պիտի յաջողի իր պահանջներուն հեզասահ ընթացքը ապահովել, ապա նոր պահանջներու շարք մը երեւան հանել, որ կրնայ Հայոց պատմութեան աղաւաղումը, պետական խորհրդանիշներու փոփոխութիւնը կամ սահմանազատման ատրպէյճանական օրէնքներու պարտադրումը ըլլալ։

Ատրպէյճանի կարծիքով Հայաստան պէտք է ջնջէ վերջին երեսուն տարուան իր պատմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ոչ թէ միայն ամրագրել Ատրպէյճանի ձեռքբերումները, այլեւ սերունդներու յիշողութենէն ջնջել Արցախի հայեցի դիմագիծն ու անոր ժողովուրդի պայքարին ողջ պատմութիւնը, դասագիրքերէն անգամ ջնջել Հայաստանի պատմական հարստութիւններու, արմատներու առնչուող բոլոր վկայութիւնները ու Հայաստանն ու հայութիւնը վերածել անդիմագիծ պետութեան ու հաւաքականութեան։

Այդ ո՞ր երկիրն է, սակայն, որ խաղաղութեան խաբուսիկ պայմանագրութեան մը քողին տակ, շարունակաբար զիջելով պաշտպանուած է հակառակորդին ախորժակներէն։

Տարածաշրջանին մէջ արձանագրուած վերջին տարիներու զարգացումները վկայեցին ու կը շարունակեն վկայել, որ արժանապատիւ խաղաղութիւնը կարելի կը դառնայ միայն ուժերու հաւասարակշռութեան հաստատումով, դաշնակիցներու հետ ամուր յարաբերութիւններու մշակումով, իսկ միակողմանի զիջումները կրնան շատ աւելի տկարացնել Հայաստանի պաշտպանուածութեան խարիսխները։