Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Ե.)․ Գառնիկ Աւ. Ք. Գ.

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ե.- Անդրազգայինը

ԻԻ.- Թէօլէօլեանի հայեացքով, ազգայնականութիւն մը կը ներկայանայ իբրեւ «բարոյական հրամայական» եւ «քաղաքական ծրագիր»։ Անիկա խօսոյթ մըն է, զոր կը հրապարակեն մշակութային գործիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, ներառեալ՝ կղերական մտաւորականներ, «ազգին ղեկավարներ», եւ քաղաքական գործիչներ։ Խօսոյթը հաւաքականութեան մը «նկարագրութիւն»ը կը յօրինէ, այսինքն՝ անոր ինքնըմբռնումը կը բանաձեւէ եւ կը նկարէ յղացքներով ու պատկերներով։ «Նկարագրութիւն»ը՝ հողը կը փոխակերպէ հայրենիքի, ժամանակը՝ պատմութեան, որ կ’իջնէ մինչեւ անցեալին խորքը՝ ծագումնաբանութիւնը, ժողովուրդը՝ ազգի, իսկ ցրօնքի պարագային՝ սփիւռքի մը, որ աքսորային բնոյթի կ’ըլլայ։ Ու փոխակերպումը կը յանգեցնէ հայրենիք վերադարձի ակնկալութեան, եւ ինքնիշխան ազգ-պետութեան մը կերտումին (եթէ մինչ այդ չէ կերտուած)։ Ասոնց ամբողջութիւնը «կատարեալ ազգայնականութիւն» մըն է։ Ըստ էութեան, «նկարագրութիւն»ը հաւաքական ինքնութիւնը կը հասկնայ քաղաքական ընկալմամբ, ուստի՝ «բարոյական հրամայական»ը` է՛ քաղաքական առումով բարոյական հրամայական մը։ Ինքնութիւնը կը ծառայէ քաղաքական ծրագրի, եւ չէ այն բարդ երեւոյթը՝ որ ցարդ շփոթի մատնած է տեսաբանները, եւ վստահաբար՝ դեռ երկա՜ր պիտի մատնէ…

Ազգայնականութեան երկու տարբերակ ցոյց տուած է Թէօլէօլեան, եւ շարունակած՝ թէ մէկը կը մշակուի սեփական երկրի մէջ (եթէ անիկա գոյութիւն ունի), միւսը՝ սփիւռքի։ Այս վերջինին համար, Թէօլէօլեան երկու եզր գործածած է. «Աքսորային ազգայնականութիւն» եւ «Անդրազգային ազգայնականութիւն»։ Բայց ան ունի նաեւ «Սփիւռքազգ» իմացքը, որ կը պահանջէ անդրադարձողէն՝ նախնականօրէն աւելցնել «Սփիւռքային ազգայնականութիւն» եզրը։ Ասոնք՝ տարբեր վիճակներ են, տարբեր զգացողութիւններ, տարբեր հասկացողութիւններ, տարբեր նպատակներ, տարբեր կառոյցներ։

Աքսորային ազգայնականութիւն մը՝ անպայման կ’ենթադրէ «բիրտ ուժ»ի մը կողմէ տարագրում, կամ պատճառով՝ հայրենազրկում, կամ հարկադրեալ հեռացում։ «Աքսորային ազգայնականութիւն»ը հայրենիքէն դուրս կեանքը կը զգայ իբր զրկանք մը, «ցաւալից հեռաւորութիւն մը» ազգի «կեդրոն»էն, իր կեցութիւնը՝ «պակասաւոր գոյավիճակ մը»։ Անիկա միշտ կ’ապաւինի հայրենիքի գաղափարին, եւ կը խորհի՝ թէ «յարաբերաբար հայրենիքին է, ուր պահպանելի են ազգային ինքնութիւնը կազմող արժէքները, եւ եթէ կորսուած են՝ յարաբերաբար անոր վերականգնելի»։

Անդրազգային ազգայնականութեան մը յառաջացումը «բիրտ ուժ» մը չ’ենթադրեր անպայման, եւ տարբեր պատճառներ ալ կրնայ ունենալ, օրինակ՝ տնտեսական։ «Անդրազգային ազգայնականութիւն»ը, կամ ըսենք՝ անդրազգայնականութիւնը կը գիտակցի, թէ հայրենիքը իր տունը չէ (որպէսզի թիւրիմացութիւն մը կանխուի՝ ըսենք. բնակավայրը չէ), ուրիշ տեղ մըն է, հայրենիքէն դուրս, մօտիկ կամ հեռու։ Տունը՝ «հիւրընկալ երկիրն է», ասպնջականը։ Սակայն այս գիտակցութիւնը ունի բարոյականութիւն մը, որ կը պահանջէ «հոգատար ըլլալ» հայրենիքին։ Անիկա երկարատեւ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ անոր ժամանակը միայն կը տեւէ երկու սերունդի վրայ. երրորդ սերունդը «փորձաքար» սերունդն է, որուն «անդամները այլեւս զօրաւոր անձնական, զգացական, ընտանեկան եւ ազգակցային կապեր» չեն ունենար հայրենիքի մէջ ապրող պարագաներուն կամ անոնց սերունդներուն հետ, յաճախ լեզուն սկսած կ’ըլլան մոռնալու եւ բարքերը անտեսելու։ Իսկ եթէ պատահի, որ որոշեն չհրաժարիլ անցեալէն ժառանգուած արժէքներու համակարգի մը, «ստեղծել նոր կառոյցներ, նոր ղեկավար վերնախաւ եւ նոր տարասեռ մշակոյթ, որ կը պահէ կենսական տարբերութիւն մը շրջապատի տիրապետող մշակոյթէն եւ հասարակութենէն», եւ «կը մերժէ ձուլումը», ապա անցում կատարուած կ’ըլլայ դէպի «իսկական եւ երկարակեաց ըլլալու սահմանուած Սփիւռք մը»։

Փաստ է, որ անդրազգային իրականութիւնը կը տիրէ ամէնուր։ Եւ, անկասկած, անիկա ազգայնականի եւ անդրազգայնականի ալ թուլացման եւ մարելուն պատճառ կրնայ ըլլալ։ Բայց մինչ ազգայնականը կրնայ աւելի տեւել եւ նորոգուիլ հայրենիքին մէջ, անդրազգայնականը՝ ոչ. նշեցի՝ ինչո՛ւն։ Թէեւ եթէ յաջողապէս կազմակերպուի, այլ իրականութեան մը կը փոխակերպուի, որ իսկական սփիւռքականութիւն, աւելի ճիշդ՝ իսկական սփիւռքամտականութիւն է։ Արդ, ճիշդ չէ անդրազգային իրականութիւնը ի սկզբանէ եւ բացարձակապէս ժխտական համարելը։

Ինչպէս նախապէս ըսի, Թէօլէօլեան «ազգայնամիտ» մտաւորական մըն է. իր մասին՝ իր իսկ բնորոշումն է ատիկա։ Որպէս սփիւռքահայ մտաւորական ինքզինք այդպէս բնորոշելով, հաստատաբար ուզած է թելադրել, թէ ինք աւելի առողջ կը համարէ անդրազգայնամտութիւնը քան անդրազգայնականութիւնը։ Անդրազգայնամտութեան ուղղութիւնն է՝ ազգային զգացումին ու գիտակցումին առաջնորդ ունենալ միտքը, եւ ո՛չ՝ լոկ զգացումը եւ գիտակցումը։ Միտքը, մտքին բանիլը, եւ ըստ բանելուն՝ գործելը։

Անդրազգայնականութիւնը երբ կը սահի միտքէն հեռու՝ հռետորական այլուրին ցնորատարածք, «օտարին մէջ ձուլման վտանգը» զինք այնքան կը գրաւէ, որ կը մոռնայ իր կացութիւնը։ Կացութիւն մը՝ որուն մէջ «օտարին հետ մտերիմ յարաբերութիւններ մշակելու կենսականութիւնն ու անխուսափելիութիւնն» են։ Այն մոռացումը մոգական անուն մը ունի մեր մէջ. «Ազգապահպանում» կը կոչուի ատիկա։ Այս տիպի անդրազգայնականութիւն մը՝ աքսորային է, կամ կը խառնուի աքսորայինին։

«Ազգապահպանում»ը ժխտումն է անդրազգային իրականութեան, ուստի՝ ժխտումն է իր իսկ իրականութեան։ Արդարեւ, անդրազգային իրականութիւնը մեծագոյն մարտահրաւէր մըն է. բայց եթէ ստանձնուի՝ անդրակերպում կ’արարէ, կը կազմաւորէ Սփիւռքազգ մը, որ յարատեւ յանձնառութիւն պահանջող է։ «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց, որքան հատանէ՝ այնքան ունի», կ’ըսէ Մովսէս Խորենացի։

Հայ Սփիւռքը, ինչպէս այլք, կը պարզէ «վերացական» բարդ պատկեր մը. աքսորային ազգայնականութիւն, անդրազգային ազգայնականութիւն, անդրազգայնամտութիւն, Սփիւռքայնականութիւն (Թէօլէօլեան արեւմտահայութեան ժառանգորդները ճանչցած է Սփիւռք, որուն ժողովուրդը սակայն, ըստ իս, առհասարակ աքսորային ազգայնականութեան եւ անդրազգայնականութեան բեւեռները ունի, նաեւ անոնց միջեւ կը տարուբերի) եւ Սփիւռքայնամտութիւն (որ դեռ մտաւորական դասի մը գիծն է, դարձեալ՝ ըստ իս), եւ ձուլում՝ անոր վրայ տարաձեւ, խառնագոյն, բեկորանման արտայայտութիւններ են։