«100 Բանաստեղծութիւնը»` Մեծն Սեւակի 100-ամեակին. Համազգայինի Նոր Նախաձեռնութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ ու Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի հետ համագործակցութեամբ օրերս լոյս տեսած է Պարոյր Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուն՝ նուիրուած մեծ գրողի ծննդեան 100-ամեակին։ Գիրքը կազմած է գրողի որդին՝ գրականագէտ Արմէն Ղազարեանը։ Ժողովածուին տպագրութիւնը հովանաւորած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը։

Յունուար 17-ին Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ կայացաւ գիրքին շնորհանդէսը։

Ձեռնարկը բացուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեանի խօսքով։ Զաքար Քեշիշեան անդրադարձաւ Պարոյր Սեւակի ձգած արժէքաւոր գրական ժառանգութեան՝ նշելով, որ Սեւակը այն եզակիներէն է, որուն խօսքը բոլոր սերունդներուն եւ բոլոր ժամանակներուն համար է։ Ան Կեդրոնական Վարչութեան անունով շնորհաւորեց ներկաները՝ գիրքի լոյս ընծայման եւ մեծ գրողի ծննդեան 100-ամեակին առիթով։

Ցերեկոյթի ելոյթները ջերմ էին ու անմիջական։ Պարոյր Սեւակ գրողի կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին անդրադարձան գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսըր Դաւիթ Գասպարեանը, Համազգայինի ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, ԱրՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դեկան Արշալոյս Գալստեանը, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը։ Հայաստանի գրողներու միութեան անունով խօսք ըսաւ ՀՀ ԳՄ քարտուղար Նորեկ Գասպարեանը։

Պապիկի կեանքին ու ստեղծագործական գործունէութեան մասին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ներկայացուց թոռնիկը՝ գրականագէտ, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէն Սեւակ Ղազարեանը։

Գրական ձեռնարկը ամբողջացաւ Սեւակի ստեղծագործութիւններու ընթերցանութեամբ, որոնք ներկայացուցին ՀՀ վաստակաւոր դերասան Դաւիթ Յակոբեանը եւ ասմունքող Գայանէ Սամուէլեանը։

Ցերեկոյթը իւրայատուկ երանգաւորում ստացաւ Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւններու երգեցողութեամբ։ Հնչեցին քանի մը ստեղծագործութիւններ՝ Լուիզա Երեմեանի, Մարիցա Թիլիքեանի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Մարգարիտ Սարգսեանի (դաշնակահարուհի) կատարմամբ։

Ներկաները նուէր ստացան «100 բանաստեղծութիւն» գիրքը, իսկ ձեռնարկի աւարտին անոնց համար պատրաստուած էր հիւրասիրութիւն։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակ