Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը Կ՝ողջունէ Արցախահայերու Ինքնորոշման եւ Վերադարձի Իրաւունքներուն Վերաբերեալ ԱՄՆ Նախագահի Թեկնածու Ռոպերթ Քենետիի Յայտարարութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ նախագահի թեկնածու Ռոպերթ Քենետի կրտսերը հրապարակուած տեսաուղերձով խոստացած է, որ իր վարչակազմը զօրաշարժի պիտի ենթարկէ միջազգային հանրութիւնը՝ պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի նկատմամբ, ապահովելու հայերու անվտանգ վերադարձը Արցախ եւ աջակցելու անոնց ինքնորոշման իրաւունքին։

Ի թիւս այլոց, նախագահի թեկնածուն նշած է․ «Ցեղական զտումներու այս քաղաքականութեան դատարկ դատապարտումները բաւարար չեն։ Ի տարբերութիւն 1915 թուականի ցեղասպանութեան, ասիկա անշրջելի չէ։ ԱՄՆ կառավարութիւնը պէտք է կազմակերպէ եւ զօրաշարժի ենթարկէ համաշխարհային հանրութիւնը՝ քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի ապահովուի հայերուն անվտանգ վերադարձը Արցախ եւ պաշտպանելու անոնց ինքնորոշման իրաւունքը։ Ասիկա իրավիճակ մըն է, երբ խաղաղ պատժամիջոցները իրականութեան մէջ կրնան գործել: ԱՄՆ-ը դեռ ունի լծակներ այդ տարածաշրջանին մէջ, եւ կրնայ օգտագործել այդ ուժը՝ զօրաշարժի ենթարկելու տարածաշրջանի բոլոր ազգերը՝ շտկելու այս մարդասիրական ողբերգութիւնը: Մենք պէտք է ձգտինք նաեւ թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերացման։ Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող ժողովուրդ է, եւ անոր անհրաժեշտ է մուտք դէպի նաւահանգիստներ եւ յարակից երկիրներ»:

Մեկնաբանելով Քենետիի յայտարարութիւնը՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարած է․ «Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կ՝ողջունէ Ռոպերթ Քենետի կրտսերի կոչերը՝ պատժելու ազրպէյճանը եւ սատարելու արցախահայութեան ինքնորոշման եւ իրենց հայրենիք անվտանգ վերադարձի իրաւունքին։ Մենք առաւելաբար կը գնահատենք անոր յայտնուիլը իբրեւ 2024 թուականի երրորդ կենսունակ տարբերակ ամերիկահայ ընտրողներուն համար, յատկապէս հաշուի առնելով, որ նախագահական ամենահաւանական թեկնածուներէն երկուքը՝ նախագահ Ճօ Պայտընը եւ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփը, զինած են ազրպէյճանի կողմէ Արցախի քրիստոնեայ հայերուն ցեղասպանութիւնը»։

2․5 րոպէ տեւողութեամբ տեսաուղերձը հրապարակուած է այսօր նախագահի թեկնածուի youtube-ի պաշտօնական քարոզարշաւային ալիքին մէջ եւ հասանելի է նաեւ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հասարակական ցանցային օգտահաշիւներուն մէջ։

Նախագահի թեկնածու Ռոպերթ Քենետիի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի ամբողջական յայտարարութիւնը, որ կը ներառէ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցող այլ թեկնածուներու կողմէ հայութեան շահերու պաշտպանութեան շուրջ ելոյթները, հասանելի են հետեւեալ յղմամբ` ANCA Welcomes RFK, Jr Statement Calling on U.S. to Advance Rights of Artsakh Armenians to Self-Determination and Safe Return to Homeland – Armenian National Committee of America:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

29․12․2023թ.