Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Առ Տէր Փոխման 850-ամեակը՝ Թուրքիոյ Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան համատեղ աշխատութեամբ, 16 Դեկտեմբեր 2023, Շաբաթ, ժամը 16։00-ին, Պէյօղլուի Կաթողիկէ Հայոց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Ամենայն Հայոց Հայրապետի առ Տէր փոխման 850-ամեակը։ Այս մասին կը հաղորդէ TRHayBad-ը՝ Facebook-ի իր էջին միջոցով։

Հանդիսութեան նախագահեց՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի գլխաւորութեամբ արարողութեան մասնակցեցան Գերպ. Տ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Հ. Միքայէլ Վրդ. Ուչար եւ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներ՝ Գերպ. Տ. Տ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան։

Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին համայնքային վարժարաններէ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, վարիչներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւնը։

Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսք արտասանեց Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Վարդան Ծ. Վարդապետ, յանուն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի մասին։ Ապա, Տ. Յարութիւն Վարդապետ ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական Կոնդակը, որուն մէջ կոչ ուղղուած է սփիւռս աշխարհի Հայութեան, սոյն յոբելենական յիշատակելութիւնը նշելու կապակցութեամբ։

Ապա, սկսաւ խաղաղական ժամերգութիւնը, որուն երգեցողութիւնները կատարուեցաւ միացեալ դպրաց ու հոգեւորականաց խումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Ժամերգութեան ընթացքին, բանախօսեցին Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի՝ համաքրիստոնէական առանձնացող մեծութիւն, ռահվիրայ՝ Եկեղեցիներու համամիութեան» նիւթով եւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ՝ իր գրական վաստակով» նիւթով։

Առաջին Տէր Հայրը ներկայացուց սուրբին գրական վաստակը եւ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին յատկապէս նշանաւոր դարձած գործերը ներկայացուց։ Իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ՝ Սուրբ Ներսէս եղած է գրական, աստուածաբանական, եկեղեցական, վարչական հանճար մը եւ այս բոլորին որպէս հետեւանք հեղինակ դարձած է բազմաթիւ գործերուն, որոնք տակաւին կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը։ Յատկապէս Ընդհանրական Թուղթը, Եդեսիոյ Ողբը, Յիսուս Որդին, աղօթքներն ու շարականները, որոնք կը ներկայացնեն թէ՛սուրբին հոգեւոր ապրումներն ու վարչական կարողութիւնները եւ թէ՛ լոյս կը սփռեն շրջանի հոգեւոր եւ քաղաքական կեանքի մասին։

Երկրորդ՝ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս, շեշտեց Սուրբին միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կեանքի մասին մտորումները։ Ան եղած էր եկեղեցիներու համամիութեան ջատագովը, հաւատարիմ մնալով Հայ Եկեղեցւոյ պատմական սկզբունքներուն, աւանդութեան եւ հոգիին։ Այս առումով, ինք երբեք չէ զիչած Հայ Եկեղեցիին արմատներէն, այլ՝ կամքը ունեցած է Հայ Եկեղեցին առաւել եւս ծանօթացնել համաքրիստոնէական ընտանիքին իր հայեացքով։ Ինք, նաեւ ապրած ըլլալով ոչ-Քրիստոնեայ շրջանի մը մէջ, նաեւ վճռական մտածումները յայտնած է քրիստոնէից եւ ոչ-Քրիստոնէից մասին։ Յատկապէս Խաչակիրներու ժամանակ, Բիւզանդիոնի կայսեր հետ ունեցած նամակագրութիւնը ապացոյցն է, թէ՝ ինք որքան ընդունելութիւն գտած է որպէս վարիչ։ Իսկ երկրորդ՝ ինք շատ պարզ ձեւով կը ներկայացնէ համամիութեան գաղտնիքը, ըսելով. «նոյն մտածումը տարբեր ձեւերով կրնայ ներկայացուիլ։ Հետեւաբար, զանազանութիւնները միշտ ցոյց չեն տար տարբեր հաւատալիքը»։

Գերապայծառը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, Պատրիարք Հօր, որուն եւս օրհնութեամբ եւ բարձր ներկայութեամբ, Պոլսոյ պատմական շրջանի մը մէջ միասնաբար կը նշուէր Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը։

Խաղաղական ժամերգութեան աւարտին, բոլոր ներկաներ միասնաբար արտասանեցին Ս. Ներսէս Շնորհալիի գրի առած «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը, իր ամբողջ տողերով։ Ապա, հուսկ բանքը արտասանեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։

Նորին Ամենապատուութիւնը, ուրախութիւն յայտնեց, որ նման հանդիսութիւն մը կատարուած էր բազմաթիւ ներկաներով։ Այս մէկը մեզի կը յիշեցնէր, թէ՝ Սուրբ Ներսէսի հուրը տակաւին չէ շիջած, այլ՝ երբ առիթներ հանդիսանան զօրաւոր ձեւով ցոյց կուտայ իր ներկայութիւնը։ Իր գրած աղօթքները, շարականները այսօր եւս կ՚երգուին եկեղեցիներուն մէջ։ Հետեւաբար, այս գիշերը վստահաբար Պոլսոյ պատմական յիշատակութիւններու շարքին անցած էր։

Պատրիարք Հայրը նաեւ անդրադարձաւ աղօքթի կարեւորութեան եւ ըսաւ, թէ՝ Ս. Ներսէսը արդէն իսկ սուրբ անձնաւորութիւն էր եւ Աստուծոյ հետ իր կապը պահած էր հոգեւոր կեանքի նուիրուած իր կեանքով։ Ինք գրի առած էր աղօթքներ, որպէսզի Հայեր առաւել եւս զօրաւոր ձեւով կապ հաստատեն Աստուծոյ հետ, աղօթքի ճամբով։ Պատրիարք Հայրը թելադրեց, որ Ս. Ներսէսի գրի առած աղօթքները, շարականները առաւել եւս տեղ գտնեն մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ, որովհետեւ այդ մէկը թէ՛ որպէս հոգեւոր ժառանգութիւն պիտի գովէ մեր անցեալի արժեքները, եւ թէ՛ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ մեր զրոյցներուն եւ խոսակցութեանց մէջ։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ գնահատեց բանախօս հոգեւորականները եւ երգեցողութեան մասնակիցները։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Հանդիսութեան աւարտին Պատրիարք Հայրն ու հիւր հոգեւորականները եկեղեցւոյ «Աղաճանեան Սրահ»ին մէջ ընթրիքով հիւրասիրուեցան Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոսի եւ եկեղեցւոյ վարչութեան կողմէ։