Թալինցի 18-ամեայ Գրիգոր Մանուկեանը Genius Record Սահմանած է

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Արագածոտնի Թալին քաղաքէն 18-ամեայ Գրիգոր Մանուկեանը սահմանած է Genius Record՝ շարժուող բեռնատարներու արանքին ձգուելուն համար։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։

«Այս ցուցանիշը ինծի համար դժուար չէր խիստ մարզումներուս պատճառով։ Կը կարծեմ՝ կրնայի թիւը հասցնել 50-ի, բայց որոշեցի կանգ առնել 44-ի վրայ եւ իմ ցուցանիշը նուիրել Արցախեան չարաբաստիկ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին»,- ըսած է ան։

Genius Record-ներու պաշտօնական էջ-էն հաղորդած են, որ բեռնատարներէն կը պահանջուէր պահպանել նուազագոյն արագութիւնը 5 քմ/ժ, Գրիգորը ձգումները իրականացուցած է առանց ինալու:

Կատարելով ընդհանուր 44 ձգում՝ Գրիգորը գերազանցած է նախորդ՝ 35 ցուցանիշը, որ սահմանած էր անցեալ տարի «Իտալական թիթեռը» մականունով յայտնի Դացիօ Կաւիոլին։

Գրիգորի համար արտասուոր չէ փոխադրամիջոցներու հետ կապուած ֆիթնեսի անհաւանական սխրանքներ կատարելը. անցեալ տարուան Նոյեմբերին ան սահմանած է մէկ վայրկեանի մէջ ուղղաթիռէն ամենաշատ ձգումներու ցուցանիշ՝ իրականացնելով 36 ձգում։

Գրիգորը իր ցուցանիշները սահմանելու համար կը մարզուի Դուցազնատուն մարզային կեդրոնին մէջ, որ կը  գտնուի 8 հազար բնակչութիւն ունեցող Թալին քաղաքին մէջ։

Թէեւ քաղաքը փոքր է, բայց անիկա կրնայ պարծենալ համաշխարհային ցուցանիշներու ապշեցուցիչ թիւով, որոնց մարզիչն է Ռոման Սարհադեանը։ Ան վերջին տասնամեակին ընթացքին նուաճած է Genius Record-ներու բազմաթիւ տիտղոսներ: