Բերիոյ Թեմ եւ Սուրէն Սրբազան… Ներսէս Սարգիսեան

Սփիւռք

Սուրէն Սրբազանն ալ մեկնեցաւ,
մռայլ գոյներով տժգունած, հաւաքական մեր կեանքի այս ծանր օրերուն, ամբողջացնելով վաւերական սերունդի մը տերևաթափը։

Սերունդ մը,որ Աստուածային բարիք մը եղաւ մեր ազգին համար,ծառայութեան եւ հաւատարմութեան սերունդ մը, յանուն մեր ազգային արժէքներուն,մինչև վերջին շունչը, պինդ,անզուգական։

Բերիոյ Թեմ եւ Սուրէն Սրբազան…

Արդար է իրեն տրուած “Շինարար Առաջնորդ” կոչումը։

Հալէպի Արամ Մանուկեան ժողովրդային Տուն, Ցեղասպանութեան Տէր Զօրի Յուշահամալիր,Կիլիկիա Համալիր,Սիս Համալիր,Կիւլպէնկեան վարժարան,Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի նոր մասնաբաժին,Գէորգ Եսայեան թատերասրահ,ՀՕՄ- ի բժշկական կեդրոն,դեռաճ երեխաներու ՀՕՄ֊ի Արևիկ դպրոց ,նոր Արևելք տպարան,Քեսապի համալիր,ՀՄԸՄ ի մարզահամալիրի հիմնարկէք եւ դեռ շատ բաներ…

Արդար չ՝ըլլար սակայն իրեն տրուած “Շինարար” կոչումը սահմանափակել նիւթեղէն արժէքներով, որովհետեւ ան գերազանցապէս մարդ կերտող մը եղաւ, գաղափարական,գիտակից,նուիրեալ, առատաձեռն հայ մարդու օրինակով,փաստը ,Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտներու փաղանքն է ,որ աշխարհով մէկ ,հայի տեսակի իւրայատուկ երանգ մը կը կազմէ։

Սուրէն Սրբազանը նաեւ շինարար մըն էր ներազգային նպատակասլաց առողջ յարաբերութիւններ կերտելու իմաստով։

“Այսինչեանը ներգրաւեցէք Ազգային կեանքէն ներս,Ազգը կ’օգտուի , ինքն ալ կ’ապրի ազգով” եւ իր այս յորդորները միշտ դրական արդիւնք տուին ու Ազգային կեանքէն ներս այսօր հաւատարմօրէն ծառայող բազմաթիւ նուիրական անձնաւորութիւններ Սրբազանին յայտնագործութիւններն են։

Այդ օրերու որպէս գաղութի պատասխանատուներ, գաղութային հարցերով Սուրէն Սրբազանին հետ մեր վերջին հանդիպումը…

Եկաւ ձեռքին ծրար մը , կարևոր փաստաթուղթեր,վաւերագրեր,զանոնք յանձնեց,որպէսզի յանձնենք Թեմ ժամանող , նորընտիր Առաջնորդին,Շահան Սրբազանին ,նաեւ ծրար մը լեցուն ոսկեղէն, “Այս ծրարը այրի տիկին այսինչ այսինչեանը վստահած էր անձնապէս ինծի, որպէսզի մահէն ետք յանձնուի Ազգային սնտուկին,տիկինը անցեալ շաբաթ մահացաւ”։

Միշտ մտաբերած եմ այդ ոսկեղենի ծրարը երբ յետագային բամբասանքներ շրջեցան թէ Սրբազանը Գանատայի մէջ դղեակ ունի…

Գանատայի դղեակին եւ Սրբազանին այնտեղ ապրած համեստ կեանքին մասին Գանատահայութիւնը թող վկայէ…

Վնաս չունի Սրբազան Հայր,մեր ազգը բամբասող է նոյն ատեն սակայն սիրող է ու արժեւորող ,փաստը ձեր նկատմամբ անսահման սէրն ու յարգանքն է ,որ ունեցանք, ունինք ու պիտի յիշենք, որովհետեւ դուք մեզ սիրեցիք անսահման սիրով։