Ո՞ւր Ենք, Ո՞ւր Հասած է Ազգը․ Յակոբ Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անշեղ կերպով ընտրեցէ՛ք ամենաբարձր դիրքը,

ան ամենէն նուազ խճողուածն է:

Զօրավար Շարլ տը Կոլ (1890-1970)

            Հարցումներ.

            Ո՞ւր հասած է ԱԶԳը: Ճիշդ պատկերացում ունի՞նք, ո՛չ ենթակայական, ո՛չ կողմնապաշտական:  Նախ խօսինք այս մասին, ապա փորձենք հասկնալ:       Ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ փլուզումներ եղած են եւ ինչո՞ւ կը շարունակուին:

            Մեղկ հանդիսատե՞ս ենք ազգի գոյապահպանական խնդրին դիմաց, ծագումով հայո՞ւ վերաբերում ունինք թէ՝ յանձնառու ենք, որպէսզի հայրենիք ունենանք եւ պահենք:

            Ի՞նչ կը ներկայացնէ ընկերային անորոշութիւն դարձած Հայ Ազգ գլխուն տակ ենթակայական սահմանում-արձանագրութիւն դարձած «հայութիւնը, որուն մասին կը խօսինք, կը գրենք՝ որպէս անցեալ կամ որպէս գրեթէ անցեալ:

            Ի՞նչ կը ներկայացնէ «ազգային համապարփակ ըմբռնում»-ի ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

            Ի՞նչ է յիշատակի, զգացականութեամբ եւ յուզումներով մեզի ներկայացող կացութիւնը:

            Հայաստան եւ տեւաբար բազմապատկուող անուններով «սփիւռքներ»ի մարդիկ նոյն ըմբռնո՞ւմը եւ նոյն պատկերացումնե՞րը ունին հայութեան մասին: Որպէս ընկերային ընդհանրութիւն, ան կտրատուած, իր ամանին ձեւը առած բազմազանութի՞ւն է, թէ՝ ինքնուրոյն նկարագրով մէկութիւն, առանց նկատի առնելու այս կամ անցագրային շնորհուած բազմանուն ինքնութիւնները: Նաեւ  եզակիները, առանց բացառութեան եւ բացառիկութեան ճապկումներու:

            «Սփիւռք» կացութիւն»ը հայրենահանուածներուն եւ անոնց յաջորդած սերունդներուն համար, պատշաճեցումներով եւ յաջողութիւններու գինովութեամբ, աստիճանաբար դարձած է փափուկ բարձ, զոր պահելու կամ անոր հասնելու համար իւրաքանչիւր ոք տեւաբար տեղաշարժի մէջ է, երկիր կը փոխէ, հիւրընկալ երկիր կը փոխէ, «փոխարինման» կամ «նոր» հայրենիք ունենալու համար: Կարծէք միշտ փափուկ բարձ փնտռող տիեզերագնացներ ենք: Այդ ճանապարհին՝ հայրենիք, ինքնութիւն աւելորդ բեռ են:

            Արեւմտահայաստան հայրենիքէն,- զոր հիմա կը կոչենք «պատմական», բռնագաղթուածները դարձան գաղթականութին, ապա՝ գաղութ, ապա՝ առաւել կամ նուազ կազմակերպուած համայնքներ՝ զորս կոչեցինք սփիւռք: Հիմա անոնց վրայ գումարուած են ինքնաբռնագաղթուողները, զորս կը կոչենք արտագաղթողներ, իբրեւ նոր օրերու աշխարհագնաց Մաժելլաններ եւ Քոլոմպոսներ, անոնք կ’երթան մոլորակի հեռու, կամ մօտ, ծանօթ եւ անծանօթ տարածքներու վրայ բնակութիւն կը հաստատեն, եւ կը բազմապատկուին նոր անուններով հայատեսակները:  Չխոստովանուած սպասում՝ դէպի Հրատ երթի, դէպի անանուն աստղեր:  Չեն բազմանար հայաշխարհներու հայերը: Եթէ բազմացած ըլլար Արցախ-հայրենքի հայութիւնը, մեր պատմութիւնը տարբեր կ’ըլլար:

            Որպէս քաղաքական միտք գործածուեցաւ եւ տասնամեակներ շարունակ կրկնուեցաւ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ: Եւ դեռ կը կրկնուի : Ինչպէ՞ս պիտի անուանենք ազգի ներկայի մոլորակացումը, ան ի՞նչ պիտի բերէ ԱԶԳԻՆ՝ յարաբերաբար այդ ինքնապաշտպանութեան առաջադրանքին: Ի՞նչ պիտի բերեն արմատ-ազգին Շանկհայի, Մելպուռնի, Թոկոյի հայերը: Ի՞նչ նպաստ բերին Ազգին անորոշ թիւով եւ անորոշացող միլիոնները,  ՀԱՅ ՏԵՍԱԿի որպէս այդպիսին պահպանումը կ’երաշխաւորե՞ն, ընելով այնպէս, որ անհատներ «փափուկ բարձ» ունենան բայց պահեն արմատներ եւ ինքնութիւն: Կրեսոսներ եղած են : Յետո՞յ…  

            Միշտ պէտք է մտածել հարցումներով: Ինչո՞ւ  կը հպարտանանք հին կամ նոր հայկական համարուած համայնքներով եւ անոնց մէջ յայտնուած եւ յայտնուող ինքնասիրութիւն շոյող անուններով, որոնք յատուկ չեն, մէկ կամ երկու չեն, բազմացած են:

            Ի՞նչ ալ ըլլան հին կամ նոր համայնքներու անդամներու համրանքը, անոնց սոսկ մարդկային որակը, ընկերամշակութային եւ տնտեսական յաջողութիւնները, պարզ է, որ ողջախոհութիւնը մեզ կը կանգնեցնէ անշրանցելի կոպիտ իրողութեան մը առջեւ, այն՝ որ ոչ մէկ համայնք չի փոխարիներ ազգը: Համայնքներու կեցավայրը հայրենիք չէ եւ պիտի չըլլայ: Ճակատագրական սխալ է ազգին համար, խորհիլ, որ այս կամ այն հիւրընկալ տարածքը հայու հայրենիք է կամ կրնայ ըլլալ:

            Ինչ ալ ըլլան նախաձեռնութիւնները, համայնքները ազգի ստորոգելիներով պահելու նախաձեռնութիւնները եւ յանձնառութիւնները, Սփիւռքը՝ որպէս հաւաքական պատկերացում, հայրենիք եւ ազգ չէ, սփիւռք(ներ)ը միշտ գաղթականութիւն է: Երբ դադրի այդպէս ըլլալէ, արդէն դիմագիծ եւ նկարագիր կը փոխէ: Ընդունուած եւ ընդունելի տարազը կ՛ըսէ՝ «ծագումով հայ:

            Ազգ ըլլալու համար առարկայական եւ ենթակայական նախադրեալներ պէտք է որ միաժամանակ իրականացած ըլլան. հող-հայրենիք, անոր տէր եւ զայն ապրեցնող ժողովուրդով, յիշողութեամբ, որ պատմութիւն է, եւ մշակոյթ՝ որ տարբերութեան գիտակցութեան կրողն է  որ անհատները կը դարձնէ բնորոշ ինքնութեամբ ազգ:    Սփիւռք(ներ)ը, ինչ ալ ըլլան մեր համոզումները, զոհողութիւնները, նախաձեռնութիւնները, ո՛չ հայրենիք են ո՛չ ալ ազգ: Միայն ցնորք է, որ տեղ մը, օր մը, կրնայ կրկնուիլ «հրաշքի համազօր «Կիլիկեան արկածախնդրութիւնը», տարբեր երկինքի մը տակ նոր հայրենիք կը ստեղծուի, շարունակութիւն կ’ըլլայ իր հոգեբարոյական ժառանգութեամբ, լեզուով, մշակոյթով: Արգիլուած չէ երազել, որ Թասմանիան, Մաթօ Կրոսոն կամ Մոնթանան կու տան հայերուն եւ կ’ըսեն. «Գացէ՛ք կամ եկէ՛ք հոն բնակեցէ՛ք, շէնցուցէ՛ք եւ ձեզի նոր հայրենիք դարձուցէ՛ք»: Այս հազարումէկ գիշերներու առասպել է:

            Այսօր հայու պատմական հող-հայրենիք Արցախը , որ յագեցած էր հայու ինքնութեան հայելի անուններով, ստորոգելիներով, պատմութեամբ, դարերու ընթացքին գումարուած նիւթական եւ աննիւթական հարստութեամբ, բռնագրաւուած է: Այս չեզոք հաստատում է: Աւելի իրաւ եւ պատասխանատու խօսք պիտի ըլլայ այն՝ որ մենք չենք յաջողած պահել մեր ժառանգութիւն իրաւունքը՝ որ մեր մարդկային իրաւութիւնն է: Եթէ սկսէինք հարցնելով, թէ ինչո՞ւ: Պատասխանը մարգարէութեան չի կարօտիր: Չենք յաջողած, որովհետեւ չենք միացուցած, չենք միացած, չենք բնակեցուցած: Բայց երգեր յօրինած եւ երգած ենք, ինքնախաբէութեան կարգախօսներ կրկնած ենք, բարեսիրութիւնը նպատակ համարած ենք, որ ո՛չ քաղաքականութիւն է, ո՛չ հայրենատիրութիւն:

            Մեր ժողովուրդի թշնամիներու նուաճողական արշաւը կանգ չէ առած, թաքուն չէ: Ռաֆայէլ Իշխանեանի սահմանումով ՀՈՂԱԿՏՈՐ Հայաստանը բացորոշ է որ, հայ պետութեան եւ ժողովուրդի անհետացման հետամուտ  թշնամիին համար ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ  է : Այս պատերազմական արտայայտութիւն է: Զայն չլսել եւ չհասկնալ՝ յանցանք: Այս մասին միայն մտածել եւ միայն խօսիլ՝ աւաղելու թատրոն է: Ազգի իրաւ օրակարգը պէտք է ըլլայ՝ ինչպէս զայն պահել որպէս Հայաստան եւ հայու հայրենիք:

            Հանրապետութիւն եւ սփիւռք, մեծով եւ պզտիկով, ողջախոհութեամբ պէտք է պատասխանենք այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ կը պարտուինք: Միթէ՞ հռոմէացի Մարկոս Աւրելիոս իմաստասէր կայսր պէտք է ըլլալ, գիտնալու համար, որ ՀՈՂԸ ՏԷՐ Կ’ՈՒԶԷ, ՀՈՂԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԻ Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ԽՕՍՔՈՎ, ՆՈՅՆԻՍԿ Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ԶԷՆՔՈՎ, ԱՅԼ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ ԿԱՆԳՆԱԾ ՀԱՅՐԷՆԱՏԷՐԵՐՈՎ:

            Այս կ’ենթադրէ բնակեցում, որպէսզի հողը անտէր չմնայ, տէր ունենայ:

            Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), երեսուն տարուան ընթացքին ի՞նչ ըրին Արցախի բնակեցման համար, որպէսզի բնակչութեամբ տէր ըլլայինք հողին: Այս մասին միշտ կարելի է տեսակէտներ յայտնել, քննադատութիւններ ընել եւ արդարացումնր գտնել: «Տուեալները յամառ են» (les faits sont têtus), կ’ըսէ Ֆրանսացին:  Այսօր ալ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ, կեանքի կոչելու համար «Արեւմտեան Ատրպէյճան »ը… Որպէսզի այդ չըլլայ, հրամայական  է… դատ-դատաստաններէ եւ օդանաւ բարձրանալ-իջնելէ տարբեր ընթացքի հետեւիլ: Այդ  կը կոչուի ԲՆԱԿԵՑՈՒՄ:

            Միթէ՞ բացականերով հայրենատիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն կարելի է խաղալ:

            Հանրապետութեան իշխանութիւնները ի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ կ’ընեն  Հանրապետութեան տարածքները բնակեցնելու համար:

            Հայրենադարձութեան մշակուած ծրագիր կա՞յ: Սփիւռքի անթիւ եւ անհամար կազմակերպութիւնները ի՞նչ ըրած են եւ ի՞նչ կ’ընեն այս հարցով: Քանի՞ անձի եւ ընտանիքի հայրենադարձութիւնը եւ բնակեցումը իրականացուցած են, որպէսզի այդ ձեւով իրողապէս նպաստած ըլլան հայապահպանման եւ հայրենապահպանման:

            Թիւերով պէտք է խօսիլ, որպէսզի ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու խաղը քաղաքականութիւն չհամարուի:  Այս աթոռակռիւներէ եւ ինքնագոհական տպաւորիչ կոչուած հանդիսութիւններէ տարբեր ազգային որակ պիտի ըլլար: Հայկական հայալեզու եւ օտարալեզու լրատուամիջոցները կը պատահի՞ որ անդրադառնան այս հիմնախնդրին, որ երգահանդէս չէ, այս կամ այն բանի ամեակ չէ, Երեւանի այս կամ այն հաստատութեան, թանգարանի հետ խիղճ հանդարտեցնող համագործակցութիւն չէ:          Ամպագոռգոռ հաշուետուութիւններու մէջ այս տեսակ հարցերու մասին «խլացնող լռութիւն» կը պահուի…

            Պետութիւնը ին՞նչ ձեւով կը նպաստէ հայրենադարձութեան, գէթ խնայելով վարչական, թղթաբանական, մաքսային դժուարութիւնները, ի վերայ ամենայնի՝ նաեւ լեզուական-ուղղագրական:

՝           Երբ բնակեցում եւ հայրենադարձութիւն օրակարգ չեն, փոխարէն կայ հայրենալքում, որ կարծէք ոչ ոքի անհանգստութիւն կը պատճառէ, եթէ նկատի չունենանք աժան բարոյախօսութիւնը եւ մարդասիրութիւնը: Գումարել՝ արտածուող եւ ներածուող  ցուցադրական նախաձեռնութիւն-հանդէսները, շաու բիզնեսը:

            Մեր հայրենազրկման սկսած եւ չաւարտած թատրոնի դիպաշարի յաջորդ տեսարանի մասին կը մտածե՞նք: Եթէ չանդրադառնանք, ոչինչ ընենք, մնանք հանդիսատես, կը խաղցուի այն դիպաշարն ալ, սցենարը, զոր թշնամի «մանիթու»ներ արդէն կոչած են «Արեւմտեան Ատրպէյճան»: Եւ աշխարհի բեմերը եւ լրատուամիջոցները կը շարունակեն լուր մնալ  ու կարծիք փսխել:

            Ի հարկէ ոչ ոք մեզմէ կրնայ խլել թասմանական, մաթոկրոսսական եւ մոնթանական ցնորքները:

            Միթէ՞ Պղատոն կամ Այնշթայն պէտք է ըլլալ հասկնալու համար, որ առանց հայրենատիրութեան՝ հայրենիքը առասպել կը դառնայ, հիացման թուղթի էջ, կամ հիմա՝ համացանցի պատկեր: Արդէն ըսողներ կան,  յառաջադէմ հրաժարածներ կան, որոնք ըսած են եւ կ’ըսեն, թէ իրենք աշխարհաքաղաքացի են: Նոր հայատեսակ մը:

            Այս մտորումները փուճ եւ փուք են, եթէ չորոշենք եւ չյաջողինք ըլլալ լիիրաւ հայրենատէր, եթէ չունենանք հայրենատիրութիւնը պչրանքներով չշփոթող եւ զայն կենսագործող ղեկավարութիւն:

            Մինչ այդ, եւ մի՛շտ, հարազատ հայ մտաւորականութիւնը, ֆրանսացի Էմիլ Զոլայի յանդգնութեամբ պէտք է շարունակէ ըսել՝ «Կ’ամբաստանեմ», որպէսզի ժողովուրդը վարժուի եւ գիտնայ՝ ցորենը զատել որոմէն, եւ անօգուտ սիրամարգները փետրաթափ ընէ:

            Գիտե՞նք որ ժամանակ չունինք…

            Ի՞նչ պիտի ըլլայ եզրայանգումը համաշխարհային, մոլորակային եւ ծագումով հայութեան, եթէ հայրենատիրութիւնը չխմբէ ազգը:

            Իւրաքանչիւր ծագումով հայ դարձողի համար զո՞վ ամբաստանել, ո՞ր դատարանին դիմել:

            Վաղը միշտ ուշ է:

            Հարկ է լսել այն անձնդիր առաջնորդը, որ գիտցած է մերժել պարտութիւնը, իր երկրի գրաւումը, եւ մանաւանդ՝ ՄԻԱՑՆԵԼ:       

Այդ կարենալ  ընելու ուղին ճշդած է, ըսելով. «Անշեղ կերպով ընտրեցէ՛ք ամենաբարձր դիրքը, ան ամենէն նուազ խճողուածն է»: Այդպէս խօսած է զօրավար Շարլ տը Կոլ: Գրաբարով կ’ըսուի. «ո՛վ  զունկն ունէ, լուիցէ»: