«Կարկաչ» Երգչախումբին Սուրբ Ծննդեան Համերգները` Հայ Կաթողիկէ Ս. Աւետում Եւ Պէյրութի Ազգային Աւետարանական Եկեղեցիներուն Մէջ

Սփիւռք

«ԱԶԴԱԿ»

Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին հայ կաթողիկէ Ս. Աւետում եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին համերգը, որ կը կրէր «Յոյսի ծնունդը» խորագիրը:

Համերգին բացման խօսքը Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան անունով արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ հակառակ բազմատեսակ տագնապներուն` Սուրբ Ծնունդը իրեն հետ կը բերէ յոյս` խաղաղութեան, սէր եւ լոյս: Հարպոյեան ըսաւ, որ «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը իր բազմամեայ գործունէութեամբ երէկ, այսօր եւ վստահաբար վաղն ալ պիտի հետեւի Համազգայինի առաքելութեան, որպէսզի լիբանանահայ երգարուեստը շարունակէ իր երթը եւ արձանագրէ նորանոր նուաճումներ:

Երգչախումբը շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին երգեց` Բարսեղ Կանաչեանի «Ամպեր», «Գիւղի առտուն» եւ «Երգանուագ» ստեղծագործութիւնները, Զաքի Նասիֆի «Նէիլի ահլա զահրա» գործը, Սայաթ Նովայի «Դուն էն հուրին իս» եւ «Պլպուլի հիտ» գործերը, երեւանեան երգաշար, ինչպէս նաեւ` եւրոպական եւ Ամանորին նուիրուած շարք մը տօնական երգեր:

Երգչախումբին խմբավարն է Շողիկ Թորոսեան: Երգչախումբին դաշնակով կ՛ընկերակցէին Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցչուհի Վերոնա Ռուսիալեան եւ աշակերտ Քեւըն Եուսոֆ:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք
Մարալ Հարպոյեան

Աւարտին իր հայրական պատգամը յղեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը, որ մեծապէս գնահատեց Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբին ելոյթը, որ ներկաներուն պարգեւեց ուրախութիւն եւ դրական տրամադրութիւններ: Կաթողիկոս-պատրիարքը նշեց, որ այսպիսի ելոյթներ եւ բազմաբնոյթ ծրագիրներ կ՛իմաստաւորեն Ս. Ծննդեան շրջանը եւ խորհուրդը:

Յայտնենք, որ «Պէյրութը կ՛երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 16-րդ փառատօնի ելոյթներու շրջագիծին մէջ, շաբաթ 9 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պէյրութի Ա. աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը ներկայացուց միեւնոյն ծրագիրը, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին: