ազրպէյճանցիները Աւերած են Օմարի Լեռնանցքին Մէջ Զոհուածներու Յիշատակին Կանգնեցուած Յուշաղբիւրը

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանցիները աւերած են Օմարի լեռնանցքին մէջ զոհուած Տիգրան Աբրահամեանի եւ ընկերներու յիշատակին կանգնեցուած խաչքար-յուշաղբիւրը Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս բնակավայրի Թթու ջուր կոչուող տարածքին մէջ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Պատմամշակութային Ժառանգութեան Գիտահետազոտական Կենտրոն» ՊՈԱԿ-ը:

Հասարակական հարթակներու վրայ տարածուած տեղեկութեան համաձայն՝ Աղանուս գիւղին մօտ գտնուող պատմական աղբիւրին շրջակայքը զանգուածաբար հատուած են ծառեր։

Քաշաթաղի մէջ բնակութիւն հաստատած ազրպէյճանցիները տեղեկացուցած են, որ այնտեղ պիտի կառուցուի հանգիստի կեդրոն եւ ճաշարան։ Մինչդեռ ազրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը իր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ Աղանուս գիւղին մէջ իրականացուած շինարարական աշխատանքները կատարուած են կամայականօրէն եւ շինարարական աշխատանքներուն վերաբերեալ որեւէ արտօնութիւն չէ տրուած։