Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցին 20 Հազար Տոլար Հաւաքեց Արցախի Ֆոնտին Համար

Հայաստան, Սփիւռք

Մասաչուսէցի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհնյ. Պալճեանի կազմակերպած հանգանակութիւնը կրկնապատկեց 10 հազար տոլարի իր սկզբնական նպատակը։ Այս գումարը հաւաքուեցաւ «Միասին՝ Արցախահայութեան համար» հանգանակութեան ի նպաստ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։

«Երբ Սրբազան Հայրը խնդրեց մեզմէ դրամ հաւաքել Արցախի համար, յաջորդ Կիրակին սկսանք հանգանակութեան, յորդորելով մեր ծխականները, որ իրենց ազատ կամքով նուիրատուութիւններ կատարեն», ըսաւ Տէր Հայրը, վերջին օրերուն 20,000 տոլարի վճարագիրը ուղարկելու միջոցին։ «Հոկտեմբեր 15-ին, ներշնչուելով Ս. Գիրքի օրուան ընթերցումէն, ուր կար այրի կնոջ լումայի պատմութիւնը, խոստացայ շաբաթական 100 տոլար նուիրել մինչեւ որ 10,000 տոլարի նպատակին հասնէինք»։

Դժուար որոշում մըն էր, ըսաւ Տէր Անդրանիկ, որ ինքզինքին հարց տուաւ, թէ կրնար ասիկա ընել։ «Եւ պատասխանս եղաւ՝ կրնա՞մ ասիկա չընել», յայտնեց ան։ «Ճգնաժամային վիճակին դիմաց, զգացի, որ պէտք էր օրինակ հանդիսանայի՝ ուրիշներէ ակնկալութիւն ունենալէ առաջ»։

Այդ Կիրակի առաւօտեան, քարոզի ընթացքին, Անդրանիկ Աւագ Քահանայ 100 տոլարի թղթադրամ մը հանելով, թոռան խնդրեց, որ Արցախի դրամահաւաքի տուփին մէջ դնէր։ «Մեր ժողովուրդին մարտահրաւէր կարդացի, որ կա՛մ իմ նուիրատուութեանս հաւասար նուիրէին ամէն շաբաթ եւ կա՛մ յանձնառու ըլլային նուազ գումարի մը, որ հետեւէր Աւետարանի պատգամին՝ մէկու մը չունեցածէն եւ ո՛չ թէ մէկու մը աւելցածէն տալու», ըսաւ։

Այսպէսով, ծուխը մէկ ամսուան ընթացքին 11,500 տոլար հաւաքեց, ինչ որ պատմութեան վերջը չեղաւ։

Արդարեւ, Տէր Հայրը հեռաձայն ստացաւ եկեղեցւոյ անդամ չեղող անհատէ մը, որ դիմեց իրեն ջնջել տալու Նոյեմբերի սկիզբը նախատեսուած պազարը, քանի որ մարդիկ կը տառապէին Հայաստանի մէջ։ «Այդ անձին ըսի, թէ նման բան պիտի չըլլար, որովետեւ այս ձեռնարկին եկամուտը կ՚օգնէ եկեղեցւոյ պիւտճէի հաւասարակշռումին, որպէսզի ան շարունակէ հայերուն օգնել աշխարհով մէկ: Քանի մը հոգիի հետ խօսեցայ, որպէսզի պազարին մէջ Արցախին տրամադրուէր տեղ մը, ուր կարելի ըլլար նուիրուատուութիւն կատարել», ըսաւ ան։

Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսուչը՝ Նայիրի Պալճեան-Պէլ, որ Տէր Հօր դուստրն է, եւ ծնողական յանձնախումբը ընդունեցին թելադրանքը եւ որոշեցին տաղաւար մը հաստատել «Հրեշտակներ Արցախի համար» անունով, ուր մարդիկ կրնային իրենց նուէրը տալ եւ, ըստ տրուած գումարին, աղօթք գրել կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն կամ ճերմակ հրեշտակի մը վրայ, որ պիտի կախուէր յատուկ տօնածառէ մը։

«Այդ տաղաւարը, փոխանակ ակնկալուած հարիւրաւոր տոլարները բերելու, աւելի քան 8 հազար տոլար հաւաքեց, որ շաբաթական ներքին դրամահաւաքի գումարներուն միանալով, ընդամէնը 8500 տոլարի անակնկալ գումարը բերաւ Արցախի համար», ըսաւ Տէր Հայրը։ Այսպէս հաւաքուեցաւ 20 հազար տոլարի պատկառելի գումարը։