Յունուար 1-էն Անձնագրի Ելքի Կլոր Կնիքը Անհրաժեշտ Չ՝ըլլար. ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստան, Սփիւռք

Մինչեւ 2024թ. Յունուար 1 ՀՀ քաղաքացիի սովորական (ոչ կենսաչափական) անձնագիրը օտարերկրեայ պետութեան մէջ վաւերական համարուելու համար պէտք է ընդգրկէ վաւերականութեան մասին նշում։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

2024թ․ Յունուար 1-էն ետք սովորական (ոչ կենսաչափական) անձնագրերը օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ կը շարունակեն համարուիլ վաւերական անձնագրին մէջ նշուած վաւերականութեան ժամկէտին ընթացքին՝ անկախ անձնագրի 4-րդ էջին մէջ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ վաւերականութեան մասին նշման առկայութենէն։