«Հայ Հասարակական-Քաղաքական Միտքը. Պատմութիւն Եւ Արդիականութիւն» Գիրքին Շնորհահանդէսը՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ` Նոյեմբեր 24-ին Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքին մէջ կայացաւ «Պատմութեան դասաւանդման արդի հիմնախնդիրներ» խորագիրով գիտաժողով, որուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսին.  պատմութիւն եւ արդիականութիւն» գիրքի շնորհահանդէսը: Գիրքին մէջ զետեղուած են այս տարուան մարտ 2-ին նոյն նիւթով կայացած գիտաժողովին հնչած գիտական միտքերը, մասնագիտական զեկոյցներն ու դիտարկումները:

Ժողովածուին մասին խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանը, նոյն  համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիքայի ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեանը:

«Պատմութեան դասաւանդման անհրաժեշտութեան հարցին շուրջ կամ ինչո՞ւ դասաւանդել պատմութիւն» նիւթին մասին զեկուցեց  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիքայի ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեան` դիտել տալով. «Պատմութեան իմացութիւնը նպաստեց աշխարհահայեացքի կամ սէթական տեսակէտի ձեւաւորման»: Պատմաբանը մատնանշեց, որ, բազում այլ հարցերու կողքին, այս նիւթին դասաւանդութիւնը կը լուծէ ռազմահայրենասիրական եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւն տալու հարցը:

«Գիրքը ծոցդ դնելու գիրք է, որպէսզի մօտդ պահես եւ ուսումնասիրես: Անիկա անհրաժեշտութիւն է մեր օրերուն համար», նշեց Խաչատուր Ստեփանեան:

Ռուզան Առաքելեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ. «Գիրքը կրնայ ուղեցոյց հանդիսանալ ո՛չ միայն գիտնականներու կամ պատմաբաններու համար, այլ նաեւ` բոլոր քաղաքական գործիչներու, որպէսզի վերջապէս կարենանք ճշմարտութիւն մը բանաձեւել, թէ` ազգային գաղափարախօսութիւնը ձեւ ու բովանդակութիւն պէտք է ունենայ, եւ այդպիսով պիտի կարենանք հասարակութիւնը համախմբել». ան աւելցուց, թէ  պէտք է կարենանք  դասեր քաղել անցեալէն` ճիշդ քաղաքական ուղիով ընթանալու:

Արտաշէս Շահպազեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Իսկապէս լուրջ հասարակական-քաղաքական միտք գոյութիւն ունէր 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու առաջին կիսուն` Աբովեանէն սկսեալ, մինչեւ լուսաւորիչները, նոյնիսկ յեղափոխականները: Կարեւոր հանգամանքը, որ նկատի կ՛ունենային ազգին վերազարթօնքին, հայոց մեծ երազանքի իրականացման համար` ժողովուրդը կրթելն ու լուսաւորելն էր»: «Գիտակցութիւնը յաջորդեց սորան, Ազգի վիճակը ծանրացաւ սրտիս», մէջբերելով Նալպանտեանի այս տողերը` Շահպազեան աւելցուց, որ միայն լուսաւորեալ ժողովուրդն է, որ ինքնութեան ազգային իտէալի գիտակցութիւն եւ ազգային տեսլական ունի: Գիտակցութիւնն է, որ ազգի վիճակին մասին պատկերացում եւ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Իսկ այսօր մեր մէջ կը պակսի ե՛ւ մտահոգութիւնը, ե՛ւ գիտակցութիւնը:

«Մեր մարզիկը, արուեստագէտը, գիտնականը կ՛առաջնորդուին համաշխարհային չափորոշիչներով: Կայ վտանգ, որ եթէ երթանք ինքնամեկուսացման, ապա Հայաստանը կը վերածուի գաւառի: Մենք մեծ յետընթաց ունեցանք, գլորեցանք դէպի գաւառ: Ես հաւատացած եմ, որ մեր վաղուան վերածնունդը պայմանաւորուած է կրթութեամբ ու գիտութեամբ», շեշտեց Շահպազեան:

Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Էտկար Յովհաննիսեան կարեւոր նկատեց Համազգայինի հետ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ գիրքի հրատարակութիւնը` նշելով, որ հայ քաղաքական եւ հասարակական միտքի ակունքները կը բիւրեղանան այդ շրջանին մէջ:

Բոլոր ներկաները Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կողմէ ժողովածուէն օրինակներ նուէր ստացան: