Պարգեւենք Տօն եւ Ուրախութիւն․ ՄԻԱՍԻՆ

Հայաստան

Յարգելի գործընկերներ, Ամանորին ընդառաջ «Միասին» հիմնադրամը կը կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ երեխաներու եւ մեծահասականերու համար, ստեղծելով նախատօնական ուրախ տրամադրութիւն՝ վայելելու այս հրաշքներով լի տօնը։

«Միասին»-ի Ալամեզոն կեդրոնին մէջ, Դեկտեմբեր 20-էն սկսեալ, ամէն օր պիտի ցուցադրուի «Մարդուկ-Ջարդուկ» ներկայացումը՝ 3D ձեւաչափով։

Ամէն Շաբաթ-Կիրակի օրերուն երեխաները պիտի կարենան հանդիպիլ Ձմեռ պապիկին եւ լսել անոր կարդացած հեքիաթը։

Տօնական տաղաւարներուն մէջ պիտի ըլլայ՝ լուսանկարահանում,

շաբաթական երեք օր Ձմեռ Տատիկի հետ միասին պիտի պատրաստենք ամանորեայ թխուածքաբլիթներ։

Այս բոլորին կազմակերպումն ու ֆինանսաւորումը պիտի իրականացուի հիմնադրամին կողմէ։

Երեխաներուն օրը լիարժէք դարձնելու համար, մենք կը նախատեսենք պատրաստել նուէր-պարկեր իւրաքանչիւրը 2000 դրամ արժէքով, Արցախէն տեղահանուած եւ Շիրակի մարզի դպրոցներ յաճախող 200 երեխաներու համար։ Իւրաքանչիւր պարկ պիտի ներառէ քաղցրաւենիք, գրենական պիտոյքներ եւ խաղալիք։ Նուէր-պարկերուն ընդհանուր գումարը պիտի ըլլայ 400,000 դրամ։ Պարկերը պատրաստելու համար մենք կը դիմենք մեր գործընկերներուն՝ աջակցելու եւ պարգեւելու ուրախութիւն երեխաներուն։ Վստահ ենք, որ համատեղ ուժերով պիտի կարենանք ժպիտներ ու անմոռանալի տօն պարգեւել երեխաներուն։ Իսկ անոնց փայլուն աչքերը պիտի ըլլան փոխհատուցում մեր փոքրիկ ներդրման։

Համագործակցութեան ակնկալիքով՝

Միասին հիմնադրամի տնօրէն՝

Ս․ Յովհաննիսեան