ազրպէյճանի Իշխանութիւնը Հայաստանի Նկատմամբ Նոր Պահանջներու եւ Ռազմական Յարձակման Արհեստական Հիմքեր Կը Ստեղծէ. Արման Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանի իշխանութիւնը նոր մակարդակի կեղծիքներով կը ստեղծէ Հայաստանի նկատմամբ նոր պահանջներու եւ ռազմական յանցաւոր գործողութիւններու արհեստական հիմքեր։ Սկսած են բերել Հայաստանի յստակ գիւղերու եւ քաղաքներու կեղծ օրինակներ։ Այս մասին կը գրէ ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան։

«ազրպէյճանական պետական քաղաքականութեան մեր ուսումնասիրութիւնները բարձրացուցած են նոր փաստեր։ Մասնաւորապէս, անոնք արդէն անցած են մանրամասն կեղծիքներու: Հայաստանի յստակ գիւղերու կամ քաղաքներու (օրինակ՝ Սիւնիքի կամ Գեղարքունիքի մէջ) օրինակով կեղծիքներով կը «հիմնաւորեն», թէ իբր անոնք «ազրպէյճանցիներու նկատմամբ հայերու գործած կոտորածներու իբրեւ արդիւնք դատարկուած են եւ տեղահանուած, ունեզրկուած»։ Ժամանակաշրջանը, իբրեւ կանոն, կ՝ընդգրկէ 20-րդ դարասկիզբէն 1920-ական թթ․, իսկ յետոյ ալ կը կեղծեն 1980-ականներու փաստերը:

Ասիկա հետեւողական քաղաքականութիւն է, որ լայնածաւալ կ՝իրականացուի ամբողջ ազրպէյճանի եւ արտերկրի մէջ՝ պետական ու իշխանական այլ լրատուամիջոցներով՝ ապահովելով լայնածաւալ քարոզչութիւն։ Ասով անոնք, նախ, ոչ միայն կը ձգեն, որ մարի հասարակութեան մէջ հայատեացութիւնն ու թշնամանքը, այլեւ՝ կը խորացնեն։

Այսինքն` կը ներկայացնեն առաջին հայացքով մարդասիրական հարցեր, բայց իրականութեան մէջ այդ «մարդասիրական» քողին տակ կը նախապատրաստեն քաղաքական ծրագրեր ու ռազմական յարձակման հիմքեր եւ կը ներկայացնեն տարածքային նոր պահանջներ Հայաստանի նկատմամբ: Այս քաղաքականութիւնը հիմքն է հայ զինծառայողներու եւ բնակչութեան նկատմամբ ազրպէյճանական զինուած ծառայողներուն գործած վայրագութիւններուն։

Ասով կը ստեղծուին Հայաստանի նկատմամբ «հատուցումներու եւ տարածքային պահանջներու», այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան ազրպէյճան» իբր վերադարձի կեղծ հիմքեր՝ նաեւ ապահովելով Արցախի ցեղական զտումներու եւ բնակչութեան զանգուածային բռնի տեղահանումներու հայելային կրկնութեամբ գործեր»,- գրած է Թաթոյեան։