Հայաստանի Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբի Բացառիկ Ելոյթը Աթէնքի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Ա­նոնք, ո­րոնք ­Կի­րա­կի, 12 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին, ա­ռի­թը ու­նե­ցան ներ­կայ գտնո­ւե­լու Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հէն ներս, վա­յե­լե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆի­լհար­մո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բի բարձր կա­տա­րո­ղու­թեամբ ե­լոյթ մը, որ եր­կար ժա­մա­նակ անջն­ջե­լի պի­տի մնայ յոյն եւ հայ ե­րաժշտա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան սիր­տին մէջ։ ­Բարձ­րո­րակ ներ­կա­յա­ցում մըն էր, ո­րուն ըն­թաց­քին ան­մա­հա­ցան համ­բա­ւա­ւոր ե­րա­ժիշտ Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի մշա­կում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մեծ ե­րա­ժիշտ ­Սէր­գէյ ­Ռախ­մա­նի­նո­վի մէկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։

Ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ ­Հա­յաս­տա­նի պար­ծան­քը հան­դի­սա­ցող նո­ւա­գա­խում­բը ե­լոյթ կ­՚ու­նե­նայ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։ Ար­դէն, ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն, ֆի­լհար­մո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բը բազ­միցս ներ­կա­յա­ցած է յոյն հան­րու­թեան առ­ջեւ, ցոյց տա­լով մեր հայ­րե­նի մշա­կոյ­թի եւ նուա­գա­խում­բի ե­րա­ժիշտ­նե­րուն բարձր ար­ժէքն ու համ­բա­ւը։

Այս ան­գամ եւս, ղե­կա­վար Ե­դուարդ ­Թոփ­չեա­նի ճպո­տին տակ, նո­ւա­գա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ջու­թա­կի եւ նո­ւա­գա­խում­բի հա­մար գրո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ ­Հա­մեր­գը կը վա­յե­լէր Հ.Հ. Ա­թէն­քի մէջ դես­պա­նա­տան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը։

Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հը ար­դէն ո­ղո­ղո­ւած էր դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան սի­րա­հար­նե­րով, իսկ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու կար­գին նստած էին ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ժո­ղովր­դա­պետ ­Յով­սէփ ծ. վրդ. ­Պէ­զա­զեան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ պաշ­տօ­նա­տար ան­ձեր։

­Հա­մեր­գին՝ բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, որ անգ­լե­րէն լեզուով նախ խօ­սե­ցաւ 1965-ին Ա­թէն­քի մէջ, Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, Ա­թէն­քի ֆես­թի­վա­լի ե­լոյ­թին մա­սին, որ պատ­մա­կան ար­ձա­նագրու­թիւն մը ե­ղաւ յու­նա­կան ե­րաժշ­տա­կան պատ­մու­թեան մէջ։ ­Դես­պա­նը յա­ջոր­դա­բար անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆի­լհար­մո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բի ի­րե­րա­յա­ջորդ ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն Ա­թէն­քի մէջ, ա­պա ներ­կա­յա­ցուց Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ծննդեան 120-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած մի­ջազ­գա­յին շրջա­գա­յու­թեան յայ­տա­գի­րը նաեւ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ։

­Դես­պա­նը խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի հո­ղէն բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած հա­յու­թեան մա­սին, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ռազ­մա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով ստի­պո­ւե­ցաւ լքել իր պա­պե­նա­կան օ­ճա­խը ու դառ­նալ տա­րա­գիր։

­Յա­ջոր­դա­բար, Է­դո­ւարդ ­Թոփ­չեա­նի կա­խար­դա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան տակ, 80 հո­գիէ բաղ­կա­ցած նո­ւա­գա­խում­բը իր ան­թե­րի կա­տա­րում­նե­րով հմա­յեց ժո­ղո­վուր­դը։ ­Հարկ է նշել, թէ ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, նո­ւա­գա­խում­բի տա­ղան­դա­ւոր ղե­կա­վա­րը ան­գիր ա­ռաջ­նոր­դեց բո­լոր բա­ժին­նե­րը, ցոյց տա­լով բարձր հմտու­թիւն, ե­րաժշ­տա­կան բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի ար­հես­տա­վար­ժու­թիւն, որ գնա­հա­տո­ւե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի գի­տակ ան­ձե­րուն կող­մէ։

Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ջու­թա­կի հա­մար գրուած բարդ կտո­րով հան­դէս ե­կաւ ե­րի­տա­սարդ ջու­թա­կա­հա­րու­հի Ա­նոյշ ­Նի­կո­ղո­սեան, ո­րուն հմա­յիչ եւ ինք­նավս­տահ ներ­կա­յա­ցու­մը սիր­տի ու հո­գիի պար­գեւ մը ե­ղաւ հան­դի­սա­տես­նե­րուն հա­մար։ Ի­րօք, հայ­րե­նի ջու­թա­կա­հա­րու­հիի կա­խար­դա­կան նո­ւա­գը գրա­ւեց մեր հո­գի­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ՝ ցոյց տուաւ հայ­րե­նի ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հէն ներս բազ­մա­թիւ տա­ղան­դա­ւոր ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու կազ­մա­ւո­րու­մը, ո­րոնք ­Հա­յաս­տա­նի ու մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րէն կը պան­ծացնեն հայ եր­գի ու նո­ւա­գի հա­րուստ ան­դաս­տա­նը։

Ե­լոյ­թի երկ­րորդ մա­սին, ֆի­լհար­մո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց ­Ռախ­մա­նի­նո­վի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ւար­տը վե­րա­ցու­մի եւ հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թեան գլուխ գոր­ծոց բա­ժին­նե­րէն մէկն է։

­Շա­րու­նա­կա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ա­լի­քին տակ, նո­ւա­գա­խում­բը կա­տա­րեց յա­ւե­լեալ եր­կու կտոր­ներ՝ Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի «­Մաս­քա­րատ»ը եւ «­Գա­յա­նէ» պա­լէ­թէն հա­տո­ւած մը։ Եր­կու կտոր­ներն ալ, Ա. ­Խա­չա­տու­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հարս­տու­թեան լա­ւա­գոյն բա­ժին­նե­րէն են, ո­րոնք խան­դա­վա­ռե­ցին եւ ոտ­քի հա­նե­ցին մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, որ կար­ծես ա­ւե­լի շատ կրկնում­ներ կը պա­հան­ջէր նո­ւա­գա­խում­բէն, յա­գեց­նե­լու հա­մար մեր հայ­րե­նի ե­րա­ժիշտ­նե­րուն կող­մէ ան­նա­խըն­թաց ե­լոյ­թի պատ­ճա­ռած ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը։

­Հա­յաս­տա­նի ֆի­լհար­մո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բը, ա­նոր ղե­կա­վար Է­դուարդ ­Թոփ­չեա­նը, մե­նա­կա­տա­րու­հի Ա­նուշ ­Նի­կո­ղո­սեա­նը եւ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք սա­տա­րե­ցին սոյն հա­մեր­գի կազ­մա­կերպ­ման ար­ժա­նի են բարձր գնա­հա­տան­քի։

­Կը մաղ­թենք, որ մօտ ա­պա­գա­յին, ­Հա­յաս­տա­նի ֆի­լհար­մո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բի ե­լոյթ­նե­րը դար­ձեալ ե­րան­գա­ւո­րեն ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան երկր­պա­գու­նե­րու նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րը։

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

«ԱԶԱՏ ՕՐ»