Արցախին Նուիրուած Երգահանդէս Յունաստանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

­Շա­բաթ, 11 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին, ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Լէոն­տիօ վար­ժա­րա­նա­յին հա­մա­լի­րի թա­տե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ եր­գա­հան­դէս մը, նո­ւի­րո­ւած Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին, ո­ր թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան ու ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով ստի­պո­ւե­ցաւ լքել ի­ր բազ­մա­դա­րեայ հո­ղե­րը եւ դառ­նալ գաղ­թա­կան։

­Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թիւ­նը եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թիւ­նը ի­րենց ու­ժե­րը միաց­նե­լով վսեմ նպա­տա­կին հա­մար, միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ե­րաժշ­տա­կան ե­րանգ­նե­րով լե­ցուն հա­մերգ մը, ո­րուն հա­սոյ­թը ամ­բող­ջու­թեամբ տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ Հ.Օ.Մ.-ի կող­մէ հաս­տա­տո­ւած՝ Ար­ցա­խի գաղ­թա­կան­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան ծրա­գի­րին։

­Հա­մեր­գին ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ինչ­պէս նաեւ միու­թե­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ելոյթը իր ներկայութեամբ պատուեց նաեւ Նէա Զմիռնիի նորընտիր քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, որ ջերմօրէն գնահատեց համերգի նպատակը:

«Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի ա­նու­նով, ­բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ տ. Ար­տա ­Ճէ­լա­լեա­նին կող­մէ, որ անդ­րա­դար­ձաւ ե­լոյ­թի նպա­տա­կին եւ սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հայ եւ յոյն ծա­նօթ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն, ո­րոնք սի­րա­յօ­ժար ըն­դու­նե­ցին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­մեր­գին եւ օգ­նու­թեան ծրա­գի­րին։

Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան խօս­քը ներ­կա­յա­ցուց ընկ. ­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան։ Ան հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի շուրջ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը, որ յան­գե­ցաւ հա­յա­փա­թու­մին։ ­Յա­ջոր­դա­բար, նշեց Հ.Օ.Մ.-ի կա­րե­ւոր ծրա­գի­րը՝ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու Ար­ցա­խի հա­յու­թեան, ա­մո­քե­լու հա­մար ստեղ­ծո­ւած ցաւն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը։

­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը ճոխ յայ­տա­գիր մը պա­րու­նա­կող բո­վան­դա­կու­թեամբ, ընդգր­կեց հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եւ ա­շու­ղա­կան եր­գեր, իսկ նաեւ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան յու­նա­կան ծա­նօթ եր­գեր, ո­րոնք ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած են հա­սա­րա­կու­թեան մօտ։

­Մէկ առ մէկ եւ հա­ւա­քա­բար, բե­մին վրայ ե­րե­ւցան ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ ­Վար­դան Ա­բո­վեան, ­Ֆո­թիս ­Վեր­ղու­լու­փու­լոս, ­Հայկ Եա­զը­ճեան, ­Փան­տե­լիս ­Թա­լա­սի­նոս, ­Վա­հան ­Գալս­տեան, ­Շու­շան ­Քե­րով­բեան, ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան, ­Լեւ­թե­րիս ­Խա­վու­ծաս եւ Ս­թա­մա­թիս ­Խա­ծիեւս­թա­թիու։ ­Բո­լոր եր­գիրչ­ներն ու նո­ւա­գող­նե­րը բա­ցա­ռիկ զգայ­նու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան եր­գա­րո­ւես­տի նմուշ­ներ, շա­րու­նա­կա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ խլե­լով ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։

Կ­՚ար­ժէ նշել, թէ յատ­կա­պէս հայ­կա­կան եր­գա­ցան­կը, բա­ւա­կան հա­րուստ եր­գե­րով ճո­խա­ցած, հայ­րե­նի աշ­խար­հի եւ հայ­կա­կան գան­ձե­րու յատկանշական ծաղ­կա­քաղն մըն էր, մերթ իր մեղ­մա­նոյշ ե­լե­ւէջ­նե­րով, մերթ կշռու­թա­ւոր ըն­թաց­քով, որ ժո­ղո­վուր­դը պա­հեց խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ։

Ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րը ե­լոյթ ու­նե­նա­նա­լով բե­մին վրայ, եր­կու խօս­քով դա­տա­պար­տե­ցին Ար­ցա­խի վրայ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու իր աննկուն պայ­քա­րին։

­Հա­մեր­գը ա­ռիթ մը ե­ղաւ նաեւ քով-քո­վի բե­րե­լու եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թը, ներ­կա­յաց­նե­լով հա­րա­զատ եր­գեր, ո­րոնք միշտ մար­դոց սիր­տին կը խօ­սին։

­Կը մնայ շնոր­հա­ւո­րել կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, ո­րոնք ճիգ չխնա­յե­ցին հրամց­նե­լու հա­մար լաւ պատ­րաս­տո­ւած ե­լոյթ մը ու վե­րա­նո­րո­գե­լու Ար­ցա­խի հա­յու­թեան՝ ա­մէն գնով զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

«ԱԶԱՏ ՕՐ»