Զօրավիգ Ենք Երուսաղէմի Հայութեան եւ Պատրիարքութեան Իրաւունքներուն. Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ

Հայաստան, Սփիւռք

Երուսաղէմի հայկական տարածքի «Կովերու պարտէզ» անունով ծանօթ հողամասի հարցը մտած է նոր փուլ, ինչը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան բնորոշումով «ամենամեծ գոյաբանական սպառնալիք» է Պատրիարքութեան 16-դարեայ պատմութեան մէջ։

Բռնի ուժ կիրառելու փորձեր կը կատարէ եւ կը սպառնայ ոչ միայն խաբէութեամբ ստորագրուած եւ խնդրահարոյց պայմանագրի դիմացի կողմը, այլ նաեւ՝ Երուսաղէմի ոստիկանութիւնը։ Երուսաղէմի հայ համայնքը եւ Հայոց պատրիարքութիւնը միասնաբար լծուած են բռնութեամբ հարցը պարտադրելու ջանքերուն դիմադրութեան։

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը կը յայտարարէ, որ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ գործակցաբար Հայ Դատի համաշխարհային ցանցին հետ, զօրավիգ կը կանգնի Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ Հայոց պատրիարքութեան՝ պաշտպանելու իր հազարամեայ իրաւունքները։

Հարցին կարգաւորումը պէտք է կատարուի բացառաբար տեղական եւ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ՝ առանց ուժ կիրառելու կամ ուժ կիրառելու սպառնալիքի։

Երուսաղէմի մէջ հայկական իրաւունքներու հարցը կը վերաբերի համայն հայութեան, հետեւաբար՝ այդ իրաւունքները ոտնահարելու որեւէ փորձ՝ ենթակայ է համայն հայութեան համարժէք վերաբերմունքին։

Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ