ԵԽԽՎ-ն ազրպէյճանին Կոչ Կ՝ընէ Ազատ Արձակելու Արցախի Բոլոր Կալանաւորուած Ներկայացուցիչները

Աշխարհ, Հայաստան

Քիչ առաջ ԵԽ Խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունեց «Մարդկայնական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» բանաձեւը եւ համանուն խորհրդատուութիւնը։

Բանաձեւին մէջ ազրպէյճանին կոչ կ՝ուղղուի ազատ արձակելու Արցախի բոլոր կալանաւորուած ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները, նաեւ՝ ապահովելու հայ բնակչութեան վերադարձը Արցախ։