Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակներ Կը Շարունակեն Զօրակցիլ Հայ Ժողովուրդին Եւ Լիբանանահայութեան

Uncategorized

Արցախի հայաթափումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ գործուած ցեղային զտման արարքին մասին լիբանանեան քաղաքական շրջանակներ ու պետական անձնաւորութիւններ շարունակեցին իրենց զօրակցական կեցուածքները հայ ժողովուրդին ու լիբանանահայութեան` դատապարտելով Ազրպէյճանի գործած ցեղասպանական արարքներն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանումը:

Այս բաժինով կ՛անդրադառնանք ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումներուն:

Եուսեֆ Սալամէ. «Մեր Ճակատագիրը Մէկ Է»

Նախկին նախարար Եուսեֆ Սալամէ  ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրած գրառումի մը ընդմէջէն ընդգծեց հայ ժողովուրդին կենդանի վկայ ըլլալու իրականութիւնը: Ան գրեց. «Աշխարհագրութեան գինը` պատմութեան ընթացքին հետ, շատ սուղ է գետնի վրայ ապրող ժողովուրդներուն համար: Հայ ժողովուրդը այս իրողութեան կենդանի վկան է: Լիբանանի հետ անոր պատմութիւնը կը փաստէ անոր յանձնառութիւնը` պահպանելու իր ինքնութիւնը, այնքան որքան է իր նախանձախնդրութիւնը` յարգելու այն միջավայրը, որ հիւրընկալած է զինք, եւ որուն հետ ինք ներգործուն կապեր ունի: Լիբանանահայութիւնը երկրին տնտեսութեան համար յաւելուած արժէք է: Ո՛վ Արցախի նահատակներ, բարի եկած էք, մենք ձեզի հետ կը բաժնենք մեր ճակատագիրին տանջանքը: Մեր ճակատագիրը մէկ է»:

Համայնավար Կուսակցութիւն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանեան Պետութեան Միջազգային Հաստատութիւններուն Մէջ Զօրակցելու Այս Դատին»

Համայնավար կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Արցախէն տասնեակ հազարաւոր հայերու բռնի տեղահանութիւնը խստիւ դատապարտելի է:

«Արցախի հայութիւնը վերածուած է գաղթականի, անոր հողերը բռնագրաւուած են, բնակարանները քանդուած` Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ միջազգային հսկայ մեղսակցութեան մը պատճառով: Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան պետութեան միջազգային հաստատութիւններուն մէջ զօրակցելու այս դատին եւ չարտօնելու, որ հայ ժողովուրդը պատանդ դառնայ ազգային եւ ցեղային ծայրայեղական ու բաժանարար ծրագիրներու, որոնք շրջանը ամբողջութեամբ քայքայած են», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: