Այլեւս Յապաղելու Ժամանակ Չունինք, Իւրաքանչիւր Վայրկեանը Թանկ է Մեր Ապագան Փրկելու Համար. Արթուր Թովմասեան

Հայաստան, Սփիւռք

Ի՞նչ իրաւունքներու, անվտանգութեան եւ երաշխիքներու մասին կրնայ ըլլալ խօսքը, երբ ազրպէյճանը ապօրինաբար 162 օր Արցախը կը պահէ լիակատար շրջափակման մէջ՝ շարունակելով 1980-ականներէն Արցախի ժողովուրդի ցեղական զտման քաղաքականութիւնը: Այս մասին, Մայիս 22-ին, Արցախի Ազգային ժողովէն ներս գումարուած արտահերթ նիստին ժամանակ յայտարարեց ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեան:

«Հայաստանի վարչապետը, անտեսելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակագիրը, հրապարակաւ յայտարարած է, որ Հայաստանը պատրաստ է ճանչնալու ազրպէյճանի 86,600 քմ տարածքային ամբողջականութիւնը, որ ըստ նիկոլ փաշինեանի՝ կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան հարցը պէտք է քննարկուի պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեամբ: Ի՞նչ իրաւունքներու, անվտանգութեան եւ երաշխիքներու մասին կրնայ ըլլալ խօսքը, երբ ազրպէյճանը ապօրինաբար 162 օր Արցախը կը պահէ լիակատար շրջափակման մէջ՝ շարունակելով 1980-ականներէն Արցախի ժողովուրդի ցեղական զտման քաղաքականութիւնը»,- ըսաւ ան:

Թովմասեան կոչ ըրաւ աշխրահասփիւռ հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրով մտահոգ հասարակութեան սատար կանգնելու Արցախի՝ իր հայրենիքին մէջ խաղաղ եւ անկախ ապրելու եւ արարելու կամքին:

«Յարգելի պատգամաւորներ, մենք այլեւս յապաղելու ժամանակ չունինք, իւրաքանչիւր վայրկեանը թանկ է մեր ապագան փրկելու համար, այս ծանր ժամանակներուն մէջ հայրենիքին ծառայելը պարտք է, հայրենիքը՝ պաշտպանելը մասնագիտութիւն: Աստուած զօրավիգ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն»,- եզրափակեց ան: