Մայիսեան Տօները Թէեւ Դադրած Են Մեզի Համար Ուրախութեան Աղբիւր Ըլլալէ, Բայց Չեն Դադրած Ուժի Աղբիւր Ըլլալէ․ Արցախի Թեմի Առաջնորդ

Հայաստան

«Մի՛ ոտնահարեր զիս, ո՛վ իմ թշնամի, թէ գլորուեցայ, կրկին կը կանգնիմ, քանի որ եթէ խաւարի մէջ նստիմ, Տէրն է իմ լոյսը» (Միքիա 7:8)

Սիրելի հայրենակիցներ,

Աստուծմէ ներշնչուած այս խօսքերով կը դիմէ իր թշնամիներուն Միքիա մարգարէն, երբ իր հայրենակիցներուն տառապանքը եւ երկրի աւերածութիւնը տեսնելով` Աստուծմէ փրկութիւն կը խնդրէր իր ազգին համար: Բայց արդարութեան քարոզիչ ըլլալով՝ ան թշնամիին առջեւ կը ներկայացնէ նաեւ իրենց պարտութեան պատճառները. «Քանի որ մեղանչեցի Տիրոջ դէմ, համբերութեամբ պիտի տանիմ Անոր բարկութիւնը, մինչեւ որ Ան արդարացնէ իմ դատաստանը, իրաւունք տայ ինծի, հանէ զիս դէպի լոյսը, եւ ես տեսնեմ Անոր արդարութիւնը» (Միքիա 7:9)։

Մայիսեան եռատօնը տարիներ շարունակ բոլորիս համար եղած է ուրախութեան եւ ուժի աղբիւր: Ի հարկէ, այսօր մենք չենք կրնար մենք մեզի խաբելով նոյն ոգեւորութեամբ տօնել եւ ուրախանալ, բայց չենք կրնար նաեւ անտեսել եւ մոռնալ՝ այն պարզ պատճառով, որ ներկայի որեւէ անյաջողութիւն չի կրնար արժեզրկել անցեալին եղած սխրանքը, սէրն ու նուիրումը: Ուստի, թէեւ այդ տօները դադրած են մեզի համար ուրախութեան աղբիւր ըլլալէ, բայց չեն դադրած ուժի աղբիւր ըլլալէ:

Մեր հայրերը ամբողջական նուիրումով մասնակցեցան երկրորդ համաշխարհային պատերազմին: Պատմութիւնը յստակ ցոյց տուած է, որ չարի ամենավտանգաւոր գործիքներէն մէկը, որմով ան աւեր կը գործէ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ֆաշիզմն է, որ թէ՛ հակամարդկային է եւ թէ՛ հակաքրիստոնէական։ Դժբախտաբար պատմութիւնը ունի անցանկալի յատկութիւն մը՝ կրկնուելու բնոյթ, եւ պարտուած չարիքը ժամանակ առ ժամանակ կրկին գլուխ կը բարձրացնէ։ Մենք կրկին բախուեցանք ազգային ատելութեան ու անոր վայրենի դրսեւորումներուն հետ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ թշնամին հաճոյք կը ստանար անօգնական գերիները խոշտանգելով, որովհետեւ անոնք իրենց ազգէն չէին: Նացիզմի այդպիսի խայտառակ դրսեւորում մըն էր նաեւ բաքուի մէջ բացուած յաղթանակի պուրակը:

Մայիս 9-ը նաեւ Արցախեան Շարժման անդրանիկ զաւակի՝ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի ծննդեան օրն է, որ հերոսական ուղի անցնելով՝ հայ ժողովուրդին նուիրեց հայրենի երկիր ազատագրելու ուրախութիւնն ու դարերով չիրականացուած երազի իրականացումը։ Վերջին ծանր փորձութենէն ետք Պաշտպանութեան Բանակը վիրաւորուած է, բայց չէ մահացած եւ ի զօրու է անսպասելի հրաշքներ գործելու:

Եւ վերջապէս, արցախեան գոյամարտի «մատանիի քարը» եղաւ ազատագրուած Շուշին: Որքան մեծ էր ուրախութիւնը այն օրերուն, նոյնքան եւ աւելի խորն է կորուստի ցաւը այսօր: Աստուծոյ նախախնամութեամբ օրուան ռազմական ու հոգեւոր իշխանութիւնները որոշեցին Շուշիի ազտագրման գործողութիւնը սկսիլ Խաչի երեւման տօնին օրը՝ յիշելով նոյն այն պատգամը, որ Կոստանդիանոս կայսրը ստացաւ Երուսաղէմի երկինքին մէջ Տիրոջ Խաչի նշանի յայտնութեամբ՝ թէ «Ասով կը յաղթես»: Մեր զինուորականները եւ ռազմամթերքը իրենց վրայ սպիտակ խաչի նշանը ունենալով՝ հայոց բերդաքաղաքի ազատագրումը վերածեցին լեռներուն մէջ կատարուած մեծ հարսանիքի մը:

Հայրենիքի կերտման գործին մէջ յաղթանակ նուաճելը դեռ գործին կէսն է, միւս կէսը այդ յաղթանակը պահելն ու անոր արժանի ըլլալն է։ Յաճախ մենք կը մեծարենք մեր նահատակներն ու յաղթանակը ենթագիտակցօրէն կը վերագրենք միայն անոնց ու կը բաւարարուինք ասով: Բնականաբար անոնց զոհողութիւնը ամենամեծն է ու անգնահատելի, բայց անոնց բաժին գործը արդէն կատարուած փաստ է, իսկ ապրողներուն գործն ու պատասխանատուութիւնը կը մնայ ընթացքի մէջ, որպէսզի կարենան պահել արեամբ ձեռքբերուածը: Դժբախտաբար, շատ յաճախ կը յաղթենք արիւնոտ պատերազմներու մէջ եւ կը պարտուինք անարիւն պատերազմի մէջ:

Երբ մենք հաւատարիմ եղանք Տիրոջ Խաչի խորհուրդին, որ կը նշանակէ սէր առ Աստուած եւ Հայրենիք, այն ժամանակ ունեցանք մեծ յաղթանակներ, բայց երբ խաղաղ ժամանակ հեռացանք Խաչի խորհուրդէն, մեր վրայ հասան պատուհասն ու հայրենիքի կորուստը: Փոխանակ խոնարհութեամբ ու արժանապատիւ կերպով Աստուծմէ մեզի շնորհուած յաղթանակին տէր կանգնելու, մենք հպարտացանք, մեծամտացանք ու սկսանք վատնել մեր յաղթանակն ու ժամանակը: Կրնայ խիստ հնչել, բայց Արցախը կործանման տարինք մենք, որ ազատագրած էինք
Աստուծոյ օգնութեամբ:

Բայց ոչինչ անհետ կորսուած չէ, եւ փրկութիւն միշտ ալ կայ: Այսօր, մեր հարեւանները չարի ձեռքին գործիք դարձած՝ կը փորձեն նոյն չարի վաղեմի զէնքերով ընկճել մեզի: Վախ, անորոշութիւն, հացի խնդիր եւ նիւթական նեղութիւններ, որոնցմով կը փորձեն մեզի ներքաշել քաոսի մէջ: Իսկ չարի դէմ մարտնչելու զէնքերը մեզի համար միշտ ալ իրական են ու հասանելի. Յոյս, Հաւատ, Սէր, ահա այս է իրականութեան մէջ Խաչի ամբողջ իմաստն ու խորհուրդը եւ քաոսը յաղթահարելու զինանոցը: Ինչքան ալ տարբեր հարթակներու վրայ բանակցութիւններ ըլլան, մենք իբրեւ հաւաքական ազգ, պիտի հասկնանք, որ առաջին հերթին պիտի յաջողինք Աստուծոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ, իսկ Աստուած դիւանագիտօրէն չի բանակցիր, այլ պարզ եւ յստակ. «Դարձէք դէպի ինծի, եւ ես կը դառնամ դէպի ձեզի»: Ինչքան ալ փակ ըլլան բոլոր ճանապարհները եւ բոլոր դռները, Աստուծոյ ողորմութեան դուռը միշտ բաց է, իսկ բանալիները մեր ձեռքին մէջ:

Ուստի սիրելիներ, վերաիմաստաւորելով մեր անցած յաղթանակները, հաւատքով ու յոյսով լեցուինք մեր ապագային հանդէպ, ապաւինինք Աստուծոյ եւ մեր միասնական բազուկի ուժին, ու ժամագիրքի աղօթքով առ Աստուած դիմենք ըսելով. «Թագաւոր խաղաղութեան, մեր անձերու Փրկիչ՝ Քրիստոս Աստուած մեր, պարսպած պահէ՛ Քու ժողովուրդը, սուրբ եւ պատուական Խաչիդ հովանիին ներքոյ՝ խաղաղութեանդ մէջ, փրկէ՛ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներէն, եւ արժանի ըրէ գոհութեամբ Քեզ փառաւորելու՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ. այժմ եւ յաւիտեաններու մէջ: Ամէն»:

Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան

Արցախի թեմի առաջնորդ