ազրպէյճանցիները Ինչպէ՞ս Կ՝ամրանան Տեղ Գիւղի Մերձակայքը (տեսանիւթ)

Հայաստան

«Ազգային վերահսկողութեան համակարգ» ՀԿ նախագահ, պահեստազօրի սպայ Արթուր Գրիգորեանը տեսանիւթ հրապարակած է Տեղ գիւղի մերձակայքէն, թէ ինչպէս ազրպէյճանցիները կ՝ամրանան այնտեղ:

«Տեսանիւթին մէջ ողջ զինուորական սարքերը ազրպէյճանական են: Ասիկա ազրպէյճանցիներուն կողմէ նոր գրաւուած տարածքներն են Տեղ համայնքին մէջ»,- գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ այսօր ԱԱԾ-ն յայտնած էր Տեղ գիւղին մօտ որոշ տեղեր ազրպէյճանական կողմը, չսպասելով նախապէս պայմանաւորուած ճշգրտումներուն, սկսած է դիրքաւորուիլ եւ իրականացնել ճարտարագիտական աշխատանքներ: