Խարբերդի Հայկական Ճարտարապետական Շինութիւնները Երկրաշարժէն Չեն Տուժած

Աշխարհ, Էրկիր

Վերջին 3 տարին 3 խոշոր երկրաշարժ տեսած Էլազըղի (Խարբերդ) 5000 տարուան պատմութիւն ունեցող Խարբերդի թաղամասը կանգուն մնացած է անգամ վերջին աւերիչ երկրաշարժէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Մասնաւորապէս Էղրի մինարեթը, Խարբերդի ամրոցը եւ այլ պատմական իջեւանատուներ, բաղնիքներ եւ առանձնատուներ, որոնք Պիզայի աշտարակէն աւելի կոր են, երկրաշարժներու ժամանակ ոչ մէկ վնաս կրած են։

1200 մեթր բարձրութիւն ունեցող հարեւան շինութիւններն ու պատմական այլ յուշարձաններ եւս չեն տուժած։

Թեմային շուրջ խօսած է  Խարբերդի թուրք թաղապետ Զիւլքիւֆ Տեմիրփոլարը.

«Մենք պատմական գիւղաքաղաքի մէջ ենք։ Այստեղ ապրած են մեր նախնիները։ Էլազըղ քաղաքի կեդրոնը երկու անընդմէջ երկրաշարժներու հետեւանքով բազմաթիւ շէնքեր վնասուած ու աւերուած են։ Ասիկա մեզի ցաւ կը պատճառէ, բայց Խարբերդի պատմական շէնքերուն մէջ նոյնիսկ քարը տեղէն չէ շարժած։ Ինչո՞ւ այստեղ ապրած են մեր նախնիները, ասիկա անհրաժեշտ է հետազօտել»։

Նշենք, որ Խարբերդի պատմական թաղամասը ներառուած է UNESCO-ի ժամանակաւոր ժառանգութեան ցանկին մէջ: