Բրիտանական Կառավարական Ֆինանսաւորմամբ Հասարակակական Կազմակերպութիւնը 350,000 Սթերլինկ Յատկացուցած Է Բերձորի Միջանցքի Փակումէն Տուժածներուն Համար

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին համաձայն, 24 Յունուարին, Արցախի անօրինական շրջափակման հարցով Ուեսթմինսթըրի պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական քննարկման լոյսին տակ՝ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին քարտուղարի ներկայացուցիչ Տէյվիտ Ռութլի յայտնած է, որ կառավարական ֆինանսաւորումով գործող «Տը Սթարթ Ֆանտ» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը 350,000 սթերլինկ  յատկացուցած է Բերձորի միջանցքի փակումէն տուժածներուն համար:

Խորհրդարանական յիշեալ քննարկման ընթացքին, որուն մասնակցած էր նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Անեթ Մոսկոֆեան, ելոյթ ունեցած, ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտած եւ բրիտանական կառավարութենէն որոշակի գործողութիւններ պահանջած էին աւելի քան մէկ տասնեակ օրէնսդիրներ: Անոնք բրիտանական կառավարութենէն, ի շարս այլոց, պահանջած էին մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել Արցախին, ատոր ի պատասխան ալ արտաքին քարտուղարի ներկայացուցիչը յայտարարած էր սոյն յատկացումին մասին:

Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը, որ տեւական աշխատանք կատարած էր 24 Յունուարի քննարկումը կարելի դարձնելու համար, կը շարունակէ բրիտանական հասարակական-քաղաքական շրջանակներու հետ աշխատանքները` Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի հանրահռչակման եւ բրիտանական պետութեան կողմէ ազրպէյճանի վրայ ճնշումներու հասնելու համար։