ՀԺՄ-ն Կոչ Կ՝ընէ Ապահովելու Բոլոր Լրատուամիջոցներուն Մասնակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի Ասուլիսին

Հայաստան

Կիրակի օր Կառավարութենէն յայտնած են, որ Յունուար 10-ին պիտի կայանայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի ասուլիսը, որուն մասնակցելու համար լրագրողներէն պահանջած են ներկայացնել մասնակիցներուն անունները։

Այսօր, սակայն, ինչպէս պարզ դարձած է տարբեր հրապարակումներէ, շուրջ մէկ տասնեակ լրատուամիջոցներ զրկուած են նիկոլ փաշինեանի ասուլիսին մասնակցելու եւ անոր հարցեր յղելու հնարաւորութենէն։

Այդ լրատուամիջոցներու արգելքին համար պաշտօնապէս որեւէ ողջամիտ բացատրութիւն չէ ներկայացուած, որ, արդէն ողջամիտ կասկած յարուցած է առ այն, որ նիկոլ փաշինեանի ասուլիսին մասնակցելէ՝ առանձին լրատուամիջոցներ՝ զրկուած են ոչ իշխանական դիրքաւորման համար:

Միւս կողմէն, սակայն, մամլոյ ասուլիսին մասնակցելու հրաւէր ստացած են նաեւ ոչ իշխանական քանի մը այլ լրատուամիջոցներ։

Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը կը դատապարտէ պետական պաշտօնեայի մասնակցութեամբ կայանալիք հրապարակային միջոցառման մասնակիցներու ընտրութեան հարցով Կառավարութեան կամ վարչապետի աշխատակազմին կողմէ ցուցաբերուած խտրականութիւնը, որ կը հակասէ ժողովրդավարութեան, մամուլի ազատութեան եւ հաւասարութեան հիմնարար սկզբունքներուն եւ աւելի կը խորացնէ երկրին մէջ առանց այդ ալ ահագնացող փոխադարձ անհասկացուածութեան ու անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը։

Կառավարութեան աշխատակազմին կոչ կ՝ընենք առաւելագոյն սեղմ ժամկէտի մէջ չեղարկելու այդ խտրական որոշումը եւ Յունուար 10-ին կայանալիք մամլոյ ասուլիսին ապահովելու առանց բացառութեան բոլոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը։

Հաշուետուողականութիւնը, թափանցիկութիւնն ու հանրային վերահսկողութիւնը, ինչի նպատակով պետական պաշտօնեաները ստիպուած են իրականացնել մամլոյ ասուլիսներ, չեն կրնար ըլլալ հատուածական, խտրական կամ ընտրովի։ Հակառակ պարագային, կը ձեւախեղուին բոլոր այն նպատակադրումները, որոնց համար կը նախատեսուին նման հանրային միջոցառումները։

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւն