120,000-էն Աւելի Մարդ Կ՝ենթարկուի Ցեղական Զտումներու՝ Հայրենի Բնակավայրերը Լքել Պարտադրելու Նպատակով. Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

120 հազարէն աւելի մարդ, ներառեալ՝ 30,000 երեխայ, կ՝ենթարկուի ցեղական զտումներու, մարդոց սովի մատնելու եւ հայրենի բնակավայրերը լքել պարտադրելու նպատակով: Այս մասին f=Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան, «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան:

«Այսօրուան հերթական քննարկման ընթացքին նախանշեցինք այս պահի հրատապ ընելիքները, նաեւ՝ ամփոփելով փաստական տուեալները ազրպէյճանական յանցաւոր արարքներու վերաբերեալ եւ անոնց հակազդելու համատեղ քայլերը Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեանի (Artak Beglaryan), գործող Պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի(Gegham G. Stepanyan), ինչպէս նաեւ Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն  «Թաթոյեան» հիմնադրամ/ “Tatoyan” foundation-ի անձնակազմին հետ միասին:

ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման արդէն 24-րդ օրն է. 120,000-է աւելի մարդ, ներառեալ՝ 30,000 երեխայ, կ՝ենթարկուի ցեղական զտումներու մարդոց սովի մատնելու ու հայրենի բնակավայրերը լքել պարտադրելու նպատակով»,- գրած է ան։