8 Գիւղ Պէտք է ազրպէյճանին Վերադարձուի. Պայրամով

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացով 8 գիւղ պէտք է «վերադարձուի» ազրպէյճանին. այս գիւղերուն մէջ ազրպէյճանցիներ ապրած են, եւ այս գիւղերը պէտք է վերադարձուին։ Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, ըստ ԱՊԱ-ի։

Պայրամովի խօսքով՝ սահմանազատման շուրջ բանակցութիւնները Հայաստանի հետ քննարկումներու կարեւոր ուղղութիւն են։

«Սահմանազատման գործընթացը, որքան ալ բարդ ըլլայ, պէտք է իրականանայ բանակցութիւններու միջոցով՝ բոլոր փաստաթուղթերու իրաւաբանական ուսումնասիրութեան զուգահեռ»,- ըսած է ան։