ՄԱԿ-ը Միակ Միջազգային Կառոյցն է, Որուն Անունը Գրուած է Եռակողմ Յայտարարութեան Մէջ, Անիկա Մինչ Օրս Ոտք Չէ Դրած Արցախ. Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

Երևանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն իբրեւ արդիւնք է նաեւ, որ Արցախի մէջ վերականգնուած է կազամատակարարումը։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, Դեկտեմբեր 16-ին, ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց բողոքի ցոյցին ժամանակ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին նշեց ՀՀ նախկին ՄԻՊ, Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեանը:

«Միջազգային հանրութեան ճիշդը ներկայացնելն է, որ ազդեցութիւն կ՝ունենայ։ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը փակած մարդիկ իբր activist են, եկած են իրենց բողոքը կը ներկայացնեն։ Ակնյայտ էր, որ ասիկա կեղծիք է, Ազրպէյճանը կազմակերպած է ասիկա։ Մեր առաջնահերթ խնդիրն էր փաստերով  ցոյց տալ, որ ատիկա կեղծիք է, անոնք այն մարդիկ են, որ գորշ գայլերու կողմնակիցներ են, անդամներն են, որոնք ահաբեկչական, ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւններ են ու անոնց գործունէութիւնը եւրոպական քանի մը երկրի մէջ արգիլուած է»,- ըսաւ ան։

Թաթոյեան նաեւ բացայայտած ու բարձրաձայնած էր, որ «activist»-ներուն մէջ շատ են պետական ֆինանսաւորում ստացող անձերը. «Տեսէք, թէ ինչ խորամանկ քայլ առած էին։ Այնպէս կազմակերպած էին, որ կ՝իրականացուի միակողմանի լուսաբանում, կը կտրեն կարճ տեսանիւթեր ու կ՝ուղարկեն միջազգային լրատուամիջոցներուն, կատարեալ միակողմանի տեղեկատւութիւն կ՝երթայ։ Հիմա մենք կը գտնուինք ՄԱԿ-ի դիմաց։ Ես կ՝ուզեմ ըսել, որ ՄԱԿ-ը միակ միջազգային կազմակերպութիւնն է, որուն անունը գրուած է եռակողմ յայտարարութեան մէջ, բայց  մինչ այսօր ոտք չէ դրած Արցախ։ Ինչի՞ հետեւանք է։ Ասիկա ոչ միայն Արցախի դէմ է, այլեւ՝ Հայաստանի, հայկականութեան, եթէ մենք մտածեցինք, որ ասիկա միայն Արցախի դէմ է, պիտի պարտուինք»,- ըսաւ Թաթոյեան։

Ան կարեւոր համարեց հայաստանեան, արտասահմանեան ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներու մուտքի ապահովումը դէպքի վայր, որպէսզի տեղի ունեցող իրադարձութիւնները լուսաբանուին բազմակողմանի, պէտք է ցոյց տրուին մարդկային ճակատագրերը, պատմութիւնները, որ Հայաստան եկած մայրը չի կրնար հասնիլ իր երեխաներուն, որ Հայաստանի մէջ գտնուող երեխան չի կրնար հասնիլ իր ընտանիքին։

«Այս ճակատագրերը, պատմութիւնները պէտք է ցոյց տանք աշխարհին, ըսենք՝ դուք ստեղծած էք այս կանոնները, հիմա ճակատագրեր կը խեղուին, ինչո՞ւ չէք արձագանգեր, թէ՞ ձեզի կը հետաքրքրեն միայն տնտեսական շահերը»,- ըսաւ Թաթոյեան։