Կը Պահանջենք Հրատապ Միջոցներ Ձեռնարկել Արցախի Մարդկայնական Աղէտը Կասեցնելու Ուղղութեամբ․ Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

Այս յայտարարութեամբ կ՝ահազանգենք Արցախի Հանրապետութեան մէջ մարդկայնական ճգնաժամին մասին։ Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն ազրպէյճանական ուժերը բնապահպաններու անուան տակ արգելափակած են Լաչինի միջանցքը՝ Շուշի-Քարին տակ հատուածին վրայ՝ կտրելով միակ կապը Հայաստանի ու Արցախի միջեւ, որուն իբրեւ արդիւնք դադրեցուած է նաեւ Արցախի կազամատակարարումը:

Իբրեւ հետեւանք՝ Արցախի Հանրապետութեան 120,000-է աւելի խաղաղ բնակիչներ կանգնած են մարդկայնական աղէտի շեմին, վտանգուած է Արցախի բժշկական հաստատութիւններու, հաղորդակցութիւններու, այլ կառուցակարգերու բնականոն գործունէութիւնը, չեն գործեր դպրոցներն ու մանկապարտէզները։ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարման դադրեցումը, Լաչինի միջանցքը փակելը յանգեցուցած են Արցախի հազարաւոր մարդոց՝ ներառեալ երեխաներու, ծերերու, հաշմանդամներու միջազգայնօրէն ընդունուած եւ ճանչցուած կեանքի, ապրելու, ազատ տեղարժելու իրաւունքներու զանգուածային ոտնահարման։

Վերը նշուած գործողութիւնները չեն կրնար այլ կերպ մեկնաբանուիլ, քան ազրպէյճանի տասնամեակներով ձեւաւորուած հայատեաց միասնական քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս, որ հայ ազգի հանդէպ ցեղական ու կրօնական յատկանիշով անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան քարոզչութեան ակնյայտ դրսեւորում է:

Կը դիմենք բոլոր միջազգային կառոյցներուն, պետական եւ ոչ պետական կազմակերպութիւններուն, ՄԱԿ, ԵԽ անդամ պետութիւններուն եւ կը պահանջենք հրատապ միջոցներ ձեռնարկել Արցախի մարդկայնական աղէտը կասեցնելու ուղղութեամբ։

Արցախի Հանրապետութեան ԼՂՀ դատաւորներ հասարակական կազմակերպութեան եւ ՀՀ դատաւորներու միութիւն ՀԿ նախագահներու համատեղ յայտարարութիւն