Եթէ Չտրամադրէք «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը, Ձեր Վրայ Պիտի Զգաք «Եղբայրական Բռունցք»-ը․ Թուրքիոյ Հաղորդագրութիւնը՝ Հայաստանին

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը հերթական անգամ հնչեցուցած է «խաղաղութեան» թրքական ընկալումը։

«Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի հասցէին իւրաքանչիւր սպառնալիք կամ սադրանք՝ անկախ անոր աղբիւրէն, պիտի ճանչցուի իբրեւ ընդհանուր մարտահրաւէր եղբայրական երկիրներուն»,- ըսած է ան՝ դիմելով թուրք-ազրպէյճանական «Եղբայրական բռունցք» զօրավարժութիւններու մասնակիցներուն։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, գրած են թրքական լրատուամիջոցները:

Աքարը անուղղակիօրէն հաստատած է Անգարայի մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակման․ «Միջազգային հանրութիւնը ականատես եղաւ մեր միասնականութեան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ հայկական բազմամեայ գրաւումէն ազատագրուեցան Ազրպէյճանի պատմական հողերը: Մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը ՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման»։

Ան կոչ ըրած է փակելու տարածաշրջանին մէջ հակասութիւններու եւ ատելութեան էջը, սկսելու ընդհանուր ապագայ կառուցելու՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու յարգման հիման վրայ: «Անկեղծօրէն յոյս ունինք, որ Հայաստանը անպատասխան չի ձգեր Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի խաղաղութեան ձեռքը»,- ըսած է ան եւ նշած Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան, ինչպէս՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման կարեւորութիւնը։

Փաստացիօրէն՝ Աքարը խաղաղութեան կոչ ընելու քողին տակ, հերթական սպառնալիքը կը հնչեցնէ Հայաստանի հասցէին՝ «Եթէ չտրամադրէք «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, ձեր վրայ պիտի զգաք «Եղբայրական բռունցք»-ը»։