Իրաւապահ Մարմիններէն Կը Պահանջենք Մնալ Բացառապէս Օրէնքով Իրենց Վերապահուած Լիազօրութիւններու Սահմաններուն Մէջ. Բողոքի Ցոյց՝ Դատախազութեան Շէնքին Առջեւ. ՀՅԴ ՀԳՄ

Հայաստան

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղցնող անձը Սիւնիքի մարզին մէջ արժանացաւ համատարած մերժման, որուն յաջորդեց հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած անձի յայտնի ապօրինի յանձնարարականը իրաւապահ մարմիններուն: Մարդու իրաւունքներու ակնյայտ խախտումներով եւ արժանապատւութեան ոտնահարմամբ բերման ենթարկուեցան տասնեակ քաղաքացիներ: Իշխող խմբակցութեան շարք մը պատգամաւորներ՝ արդարացնելով իրաւապահ մարմիններուն այս գործելակերպը՝ անուղղակիօրէն հաստատեցին, որ անիկա թելադրուած է եւ կ՝իրականացուի իրենց վարչախումբին գիտութեամբ ու անմիջական յանձնարարութեամբ։

Ի պաշտպանութիւն արժանապատիւ սիւնեցիներուն, ձերբակալուածները անյապաղ ազատ արձակելու, անոնց կտտանքի ենթարկելու դէպքերուն առիթով քրէական գործեր հարուցելու պահանջներով՝ Երեւանի Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին դիմաց, իրականացաւ բազմամարդ քաղաքական հրատապ ցոյց: Գլխաւոր դատախազէն այս հարցով պարզաբանումներ ստանալու՝ քաղաքացիներուն պահանջը ոչ միայն անտեսուեցաւ, այլեւ ոստիկանութիւնը իր յարձակողական գործողութիւններով, անգամ՝ մարմնական վնաս հասցնելով, ոստիկանատուն տարաւ աւելի քան տասը անձ:

Իրաւապահ մարմիններու յանցաւոր վարքագիծը կը ստիպէ արժանապատիւ քաղաքացիները՝ սեփական ուժերով պաշտպանելու իրենց իրաւունքները: Ոստիկանութիւնը վերածուած է իշխանութեան եւ յատկապէս վարչապետի աթոռին կառչած անձի քաղաքական պատուէն ու ապօրինի հրահանգները իրականացնող ճնշիչ գործիքի: Ակնյայտ է, որ քննչական մարմիններն ու դատախազութիւնը ստանձնած են իշխանութեան յանցագործութիւնները օրինականացնելու անպատուաբեր դերակատարութիւնը: Վերջին ժամանակաշրջանին Երեւանի եւ մարզերու մէջ նկատելի է ՀՅԴ կառոյցին թիրախաւորումը: Քաղաքական հետապնդումները կը կրեն շարունակական բնոյթ:

Իշխող խմբակին համար այլեւս ակնյայտ է, որ առանց բռնութիւններու եւ քաղաքական հետապնդումներու իրենք զրկուած են վերարտադրուելու՝ նոյնիսկ նուազագոյն հնարաւորութենէն։

Ըստ այդմ՝, կը դիմենք իրաւապահ մարմիններուն եւ կը պահանջենք մնալ բացառապէս օրէնքով իրենց վերապահուած լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ, չարժեզրկել պետական հիմնարկները, չդառնալ օրուան իշխանութիւններուն քաղաքական կամակատարը, ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան ու քաղաքացիի օրինական շահերուն, հակառակ պարագային՝ օրէնքի ողջ խստութեամբ պիտի ենթարկուիք պատասխանատւութեան։

Այս պահանջը բարձրաձայնելու համար, 2021թ. Ապրիլ 29-ին, ժամը 17:00-ին, բոլոր արժանապատիւ քաղաքացիները կը հրաւիրենք մասնակցելու բողոքի ցոյցին՝ դատախազութեան շէնքին առջեւ: 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

28.04.2021թ.