Պոլսոյ Մէջ Պիտի Ոգեկոչեն Թուրքիոյ 1-ին Մասնագէտ Բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի Յիշատակը

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ 1-ին մասնագէտ բռնցքամարտիկ, «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով յայտնի Կարպիս Զաքարեանի մահուան 1-ին տարելիցին առիթով՝ Յունուար 25-ին ոգեկոչման արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Զաքարաեանը մահացած է 2020թ․ Յունուար 25-ին, 90 տարեկանին։

1930թ. ծնած Զաքարեան բռնցքամարտիկի ասպարէզը տեւած է 22 տարի: Բռնցքամարտիկը այդ ողջ ընթացքին ունեցած է 200 սիրողական եւ 51 մասնագիտական մենամարտ: Զաքարեանը Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ ախոյեան դառնալէ ետք՝ 1964-ին դարձած է Մերձաւոր Արեւելքի ախոյեան: 1966-ին ասպարէզը աւարտած Զաքարեանը սկսած է մարզական գործունէութիւն ծաւալել: 

Կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Լոյս մետիա»ի ֆինանսաոորմամբ վաւերագրական ֆիլմ պիտի նկարահանուի Կարպիս Զաքարեանի կեանքի ու մարզական ասպարէզի մասին։