Նշմար․- Ցաւ, Պարտամուրհակ, Յաղթանակ Եւ… «Սպիտակ Բիծ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

7 Հոկտեմբեր 2020

Քիչ առաջ, Հայաստանի պատկերասփիւռէն հետեւեցայ պաշտօնական բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի եւ պաշտօնական այլ աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւններուն: Կասկած չունիմ, որ նոյնը ըրին ու կ’ընեն բազմահազար, միլիոնաւոր հայեր: Ամփոփուեցան պատերազմի 11-րդ օրուան՝ 7 Հոկտեմբերի իրադարձութիւնները:

Ստեփանակերտը, Շուշին եւ այլ քաղաքային վայրեր կրկին ու կրկին ռմբակոծուած են՝ պետական ահաբեկչութեան իրենց վաստակը ժամ առ ժամ հարստացնող Ատրպէյճանի ու անոր օգնական Թուրքիոյ զինուժին կողմէ: Մեր բանակի նահատակներուն թիւը հասած է 320-ի, մեծ մասամբ տարեկից՝ Արցախեան Պայքարին եւ վերանկախացած Հայաստանին: Կան նաեւ քաղաքային զոհեր: Աւերն ու քանդումը անհաշուելի են: Հայուն սիրտը կը ցաւի:

Արցախն ու Հայաստանի իրաւունք ունի՛ն ծաւալուն մուրհակ մը ներկայացնելու Ատրպէյճանին ու անոր մեղսակից «եղբօր»՝ Թուրքիոյ: Անամպ երկինքին մէջ փայլող արեւուն պէս յստակ է, որ Ատրպէյճանն էր նախայարձակը, պատասխանատուն՝ բանակցային գործին խափանման, պէտք է վճարէ նա՛եւ նիւթական վնասներուն պարտքը՝ զոհերուն եւ քանդումներուն դիմաց, անկախ՝ քաղաքական պարտաւորութիւններէն: Այս պարտամուրհակը պէտք է ընկերացնել մեր արդար պահանջներուն եւ բողոքներուն, որոնք կը հասնին անմիջական դրացիներու, աշխարհի մեծ ուժերուն, Թուրքիոյ պետական ահաբեկչութեան զոհ ու թիրախ եղող՝ հայուն մօտակայ եւ հեռաւոր ճակատագրակիցներուն:

Յարձակող հրոսակախումբերէն գրաւուած զինական կազմածները միայն աննշան եւ խորհրդանշանակ կոտորակ մըն են մեր կորուստներուն հատուցման…

***

Ցաւին դիմաց, կայ յաղթանակներու առթած հպարտանքն ու գոհունակութիւնը (ուրախութիւնը՝ վերջնական յաղթանակէն ետք): Ամէն օր մանր Սարդարապատներ կ’արձանագրուին անհաւասար ճակատումներու պատմութեան մէջ:

Ազերիական բանակները, Թուրքիոյ աջակցութեամբ ու հազարաւոր վարձկաններու զինակցութեամբ, կը փորձեն ալիք առ ալիք խորտակել պաշտպանական գիծերը, սակայն կը ստանան ուժգին եւ անխնայ հակահարուած: Զինուորական դիրքեր եւ պահեստանոցներ կը շանթահարուին: Հայկական ուժերուն թիրախները էապէս զինուորական կէտեր են, եւ ո՛չ թէ քաղաքային բնակավայրեր: Այս բոլորին ականատես՝ միջազգային մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները սկսած են աւելի՛ արդար, եւ ո՛չ միայն «չէզոքի համաչափ հեռաւորութիւն» պահելով արձագանգել նախայարձակին ոճիրներուն, պաշտանուողին անդրդուելի դիմադրութեան:

***

Հայկական պետական ու դիւանագիտական մեքենաները, իրենց կողքին ունենալով Հայ Դատի սպասարկուները, բազմահազար ցուցարարներ եւ աշխարհատարած «ժողովրդային բանակը», կարելի բոլոր միջոցներով իրերայաջորդ ահազանգեր կը հնչեցնեն աշխարհով մէկ: Տեսանելի են հայութեան շուրջ քաշուած՝ լռութեան եւ անտեսումի պատերուն վրայ յառաջացող նորագոյն ճեղքերը: Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպա, Իրանէն մինչեւ արաբական աշխարհ ու Մոսկուա, մինչեւ անգամ շատ աւելի արեւելք՝ նախայարձակ ոճրագործ պետութիւննե՛րը կը զանազանուին հող ու արդար իրաւունք պաշտպանողէն:

Բնական է, որ մեր զինուորին իւրաքանչիւր կրակոցը, արձակած հրթիռն ու ռումբն են գետնի վրայ ճակատագիր վճռողը, եւ հոն, հայութիւնը առանձինն պայքար կը մղէ նոր-օսմանական, նոր-հիթլէրական նորագոյն կիրարկումին դէմ, սակայն դիւանագիտական ու ժողովրդային պայքարը ո՛չ երէկ, ո՛չ ալ այսօր արհամարհելի են, իրենց անփոխարինելի բաժինն ունին համատարած պատերազմին մէջ:

***

Հայ ականաւոր դէմքեր՝ մարզիկ, արուեստագէտ թէ մշակոյթի գործիչ, հատ ու կենտ արտայայտութիւններով ձայն կը բարձրացնեն հոս-հոն, արձագանգելով պայքարին: Այս գետնի վրայ, շատ աւելին ընելու հրամայական մը կայ:

Երբ Հայաստան վերանկախացաւ, յաճախ կրկնուող խօսք էր, որ մեր պատմութեան մէջ «սպիտակ բիծեր» կան, որոնք պէտք է լեցուին. այսինքն, խեղաթիւրեալ արձանագրութիւնները պէտք է սրբագրուին, չգրուած-չբացայայտուած իրականութիւններով պէտք է համալրուի մեր նորագոյն պատմութիւնը (բաւական բան կատարուեցաւ արդէն):

Արցախեան Շարժումի առաջին փուլին, նաեւ Հայաստանը դէպի վերանկախացում տանող ճամբուն վրայ, հայ մտաւորականներ, գիտնականներ եւ Հայաստանի սահմաններէն շատ անդին հռչակ ու վարկ շահած անհատներ իրենց ձայնը միացուցին թէ՛ արցախեան իրաւատիրութեան եւ թէ Հայաստանի վերանկախացման պահանջին: Անունները չենք ուզեր ցանկագրել, ծանօթ են բոլորին:

Այսօր, մեր պայքարը կը կարօտի նման՝ նոր ձայներու բազմապատկումին, որպէսզի պահանջատիրական ասպարէզին մէջ ստեղծուած «սպիտակ բիծերը» լեցուին: Ճիշդ է, որ քանի մը արուեստագէտներ, ծանօթ աստղեր ձայն բարձրացուցին (երիտասարդ երգիչ մը լուռ ու մունչ վճարեց իր կեանքով…) եւ լսելի դարձան, մարզիկ մը իր նշանակած մէկ կոլը նուիրեց արցախցիներու յաղթանակին, սակայն ընդունինք, որ կան ուրիշներ, որոնց ձայնը չենք լսած տակաւին: Նման անհատներու մէ՛կ արտայայտութիւնը, մէ՛կ ասուլիսը կրնայ կենսական արձագանգ մը ըլլալ ճակատային դիրքերէ արձակուած իւրաքանչիւր փամփուշտի ու ռումբի: Յիշենք գոնէ Շարլ Ազնաւուրն ու այս իմաստով իր ունեցած դերը, առանց մոռնալու եւ անտեսելու բազում ուրիշներ:

Հաւանաբար մտածուի, որ մարզիկ մը կամ պատկերասփիւռի-արուեստի աշխարհներուն մէջ անուն շահած անհատներ ենթակայ են իրենց պայմանագրութեանց պարտադրած կաշկանդումներուն:  Սա մասամբ ճիշդ է, սակայն այսօր աշխարհը կը տեսնէ, թէ սեւամորթները իրենց ձայնը ինչպէ՛ս լսելի դարձուցած են խաղաղ բայց հնչե՛ղ բողոքներով: Մարզիկ մը մերժեց յարգանք մատուցել Միացեալ Նահանգներու քայլերգին ունկնդրութեան պահուն եւ ծունկի իջաւ, փոթորիկ ստեղծեց, սակայն ահա ֆութպոլի աշխարհին մէջ, սեւամորթներու կեանքին եւ իրաւունքներուն պաշտպաններ ամիսներէ ի վեր իւրաքանչիւր մրցումի սկզբնաւորութեան պահ մը ծունկի կու գան, խորտակած են կաշկանդումի պատնէշները: Դերասաններ եւ արուեստի տարբեր մարզերու մէջ հռչակ շահած դէմքեր ձայն կը բարձրացնեն մարդութիւնը յուզող քաղաքական, կենսոլորտի եւ այլ տագնապներու դարմանումի հետամտութեամբ:

Աշխարհով մէկ ցրուած հայ ականաւոր անհատները կոչուած են իրենց ձայները միացնելու արդէն իսկ այս երթը բացողներու փաղանգին, անգլերէնով, ֆրանսերէնով, սպաներէնով, արաբերէնով, ռուսերէնով, ի հարկին չինարէնով, ճափոներէնով (եւ մասամբ նորին)՝ աւելի՛ լայն տարածք տալու համար մեր պայքարին, աւելի՛ հատու կերպով հնչեցնելու ոճրագործին դատապարտումը եւ Արդարութեան ձայնը: Հայ զինուորն ու պետութիւնը արդար ակնկալութիւն ունի բոլորէն: