Հայ Զինուորներ Պիտի Մասնակցին «Միջազգային Բանակային Խաղեր-2020» Մրցումներուն

Աշխարհ, Հայաստան

23 Օգոստոս – 5 Սեպտեմբեր տեղի ունենալիք «Միջազգային բանակային խաղեր-2020» ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ մէջ տեղի ունեցող մրցումներուն մասնակցելու նպատակով՝ Մոսկուա մեկնած են Հայաստանի զինուած ուժերու հաւաքական խումբերը:

«Միջազգային բանակային խաղեր»ու հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 23 Օգոստոսին: Խաղերը տեղի պիտի ունենան Քոսթրոմայի, Սարաթովի, Փենզայի եւ Պրեսթի մէջ: