Աննախընթաց Վիճակ Կը Տիրէ Լիբանանի Մէջ, Եւ Իւրաքանչիւր Հայու Սիրտ Պէտք Է Բաբախէ Միայն Լիբանանահայութեան Համար. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Սփիւռք

Պէյրութի ահաւոր պայթումէն ետք, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերուն եւ առհասարակ Լիբանանի քաղաքական-ընկերային իրավիճակին մասին «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի աշխատակազմէն Կարէն Ղազարեան երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020-ին հեռաձայնային անջատ զրոյցներ ունեցած է կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Այս առիթով «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի հարցումներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ հայ համայնքը նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով զգալի կորուստներ ունի, եւ հիմա բոլոր ջանքերը կեդրոնացած են այդ ուղղութեամբ: «Աննախընթաց վիճակ կը տիրէ Լիբանանի մէջ, եւ իւրաքանչիւր հայու սիրտ, ուր որ ալ գտնուի, պէտք է բաբախէ միայն լիբանանահայութեան համար», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ներքաղաքական զարգացումներուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Յառաջիկայ մէկ-երկու ժամերուն արդէն իսկ կառավարութիւնը իր հրաժարականը պէտք է ներկայացնէ` քաղաքական կեանքը նոր փուլ մղելով»: «Գիտենք, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կազմելը դիւրին գործ չէ եւ ամիսներ կը պահանջէ», յիշեցուց երեսփոխան Բագրատունի: «Կը յուսանք, որ այս անգամ Լիբանանի պատասխանատուները խելքի կու գան եւ կացութեան լրջութեան դիմաց համապատասխան լրջութիւն կը ցուցաբերեն` անցեալին պատահած նեղ քաղաքական, կուսակցական հաշուարկներէ զերծ, եւ կը կազմուի կառավարութիւն մը, որ կրնայ որոշ չափով դարմանել ժողովուրդին ցաւերը», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Յայտնենք, որ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նմանօրինակ հարցազրոյցներ ունեցաւ նաեւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին, «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանին հետ: