Հայաստան Եւ Արցախ՝ Մասամբ Ազատ. «Ֆրիտըմ Հաուս»

Աշխարհ, Հայաստան

«Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2020» իր տարեկան զեկոյցը, ըստ որուն, Հայաստան եւ Արցախ կը շարունակեն մնալ «մասամբ ազատ»՝ 195 երկիրներու ու 15 տարածքներու շարքին։ Այս մասին կը հաղորդէ Civilnet.am-ը։

Հայաստան ունի 100-էն 53 կէտ, որուն 21-ը քաղաքական իրաւունքներու, 32-ը՝ քաղաքացիական ազատութիւններու համար։ Արցախի ընդհանուր միաւորը 34 է, որուն 13-ը՝ քաղաքական իրաւունքներու, 21-ը՝ քաղաքացիական ազատութիւններու համար։

Ըստ զեկոյցին՝ Հայաստանի մէջ քաղաքական ազատականացումը եւ վարչապետ Փաշինեանի իշխանութեան գալը դրական ազդեցութիւն ունեցած է Արցախի վրայ։ Յատկապէս կը նշուի, որ Արցախի տարածքին մէջ աւելցած է մրցակցութիւնը եւ քաղաքացիական հասարակութեան աշխոյժութիւնը Սեպտեմբերին նախատեսուած տեղական ընտրութիւններուն ընդառաջ. հարթակ  ստեղծուած է 2020-ին Արցախի նախագահին եւ խորհրդարանի ընտրութիւններուն յաւելեալ փոփոխութիւններու համար: Եւրասիոյ տարածաշրջանի այլ անջատուած տարածքները, որոնք կը մնան գրաւուած Ռուսիոյ զօրքերուն կողմէ, մնացած են լճացած, այնտեղ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու անկում արձանագրուած է:

Եւրասիական տարածաշրջանին՝  Հայաստանի մասին անդրադարձին մէջ յատկապէս ըսուած է. «Ընդհանուր մռայլ պատկերին մէջ որոշ դրական նշաններ ակնյայտ են տարածաշրջանի «մասամբ ազատ» միջավայրերուն մէջ։ Նորընտիր առաջնորդները, որոնք իշխանութեան եկած են համակարգային բարեփոխումներու խոստումներու ալիքին վրայ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի եւ Մոլտովայի վարչապետ Մայա Սանտուն, նախնական քայլերու ձեռնարկած են արմատախիլ ընելու գողամոլ ուժերը, որոնք երկար ժամանակ արգելակած են իրենց երկիրներուն ժողովրդավարական ձգտումները», կը նշուի զեկոյցին մէջ։