Թ. Հ. Թ. Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման Կեդրոնական Յանձնախումբի Հանդիպումը Միութիւններու Վարչութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Սփիւռք

Երկուշաբթի, 24 Փետրուարին, ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Թ. Հ. Թ. Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի ոգեկոչման կեդրոնական յանձնախումբը կազմակերպած էր հանդիպում համայնքին մէջ աշխատող հայ մշակութային, մարզական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ժողովին ընթացքին յանձնախումբի նախագահ Ֆրէդիկ Աշուղեան ներկայացուց յանձնախումբին նախատեսած ծրագրերն ու ուղեգիծը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կապակցութեամբ, ապա առիթ տրուեցաւ ներկաներուն արտայայտելու իրենց առաջարկները եւ հարցերը այդ ուղղութեամբ, որոնց մասին եղան քննարկումներ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մտքերու օգտակար եւ կառուցողական փոխանակում:

 

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 105-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈԽՄԲ