Հայկական Ֆիլմերու Փառատօն Ուաշինկթընի Մէջ (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հարիւրամեակին առիթով Ուաշինկթընի մէջ սկիզբ առած է հայկական ֆիլմերու փառատօն: Բացման ֆիլմը եղած է Սերգէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը»։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը։

«Մշակոյթը մեր ժողովուրդները կապող կարեւորագոյն օղակներէն է, եւ մենք շատ ուրախ ենք մշակոյթի միջոցով տօնելու այդ 100-ամեակը: Առաջին անգամ է, որ նման մակարդակով կը ներկայացուին հայ ֆիլմ պատրաստողներու գործերը»,- յայտնած է ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան: