ՀՀ Զինուած Ուժերուն Մէջ Զօրակոչիկներու Թիւի Աճ Կը Նկատուի

Հայաստան

ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ վերջին երկու զօրակոչի ժամանակ նորակոչիկներու թիւի աճ կը նկատուի։ «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան:

«Այս տարի զօրակոչի թիւէն գոհ եմ, ընթացքը բաւական լաւ էր: Ե՛ւ անցեալ, ե՛ւ այս զօրակոչերուն բաւական թիւի աճ ունինք»,- նշած է Բալայեան:

Ան շեշտած է, որ աննախադէպ իրաւակարգաւորումով 2019 թուականի զօրակոչի ժամանակ օրէնքով տարկէտում տուած են միջին մասնագիտական հաստատութիւններու մէջ ուսանողներուն: Բալայեան ընդգծած է, որ անոնք շատ են, սակայն նոյնիկս այդ պայմաններուն մէջ զօրակոչիկներու քանակի աճ կայ:

ՀՀ ԶՈՒ ժամկետային զինծառայողներու 2019 թուականի ամառնային զօրակոչը մեկնարկած է Յուլիս 1-ին: