Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Թուրք Հեղինակը Դարձած է Հեղինակաւոր Մրցանակի Յաւակնորդ

Աշխարհ

Հրապարակուած է հեղինակաւոր «Պուքըր» գրական մրցանակի այս տարուայ թեկնածուներուն ցուցակը: 1969 թուականէն ի վեր ամէն տարի յանձնուող այս մրցանակին կը յաւակնի նաեւ թուրք կին գրող Էլիֆ Շաֆաք: Ան ներկայացուցած է «10 վայրկեան եւ 38 երկվայրկեան այս տարօրինակ աշխարհի մէջ» գիրքը, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ապառաժ»-ը, վկայակոչելով ahvalnews.com կայքը:

Էլիֆ Շաֆաքի նկատմամբ 2006 թուականի «Սթամպուլի պիճը» գիրքի համար հետաքննութիւն սկսած էր: Այդ գիրքին մէջ հեղինակը կ’անդրադառնար Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրին: Զինք մեղադրեցին Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգրքի չարաբաստիկ 301-րդ յօդուածի դրոյթները խախտելու մէջ, այսինքն` թուրք ազգի արժանապատւութիւնը վիրաւորելու: Շաֆաք, որուն գիրքերը թարգմանուած են 49 լեզուներով, «Ֆորպս»-ի համաձայն, Թուրքիոյ ամենաշատ վաստակող գրողն է: