Հայաստանի Բանակին Մէջ Ներդրուած է «Վստահութեան Գիծ» Ծառայութիւնը

Հայաստան

ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապին մէջ ներդրուած է «Վստահութեան գիծ» ծառայութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը նշեն, որ ատիկա նպատակ ունի ծառայութեան վրայ բացասաբար ազդող երեւոյթները բացառելու, զինծառայողներու իրաւունքներու իրացման խոչընդոտող գործօնները չէզոքացնելու, դիմումներուն, բողոքներուն եւ առաջարկներուն շուտով արձագանգելու եւ ընթացք տալու, զինուորական ենթակարգութիւնն ու հրամանատարական կազմի` իրավիճակին տիրապետելու եւ որոշումներ կայացնելու կանոնադրական պարտականութեան կատարումը ապահովելու, բանակ-հասարակութիւն կապն ու փոխվստահութիւնը ամրապնդելու համար:

 «Վստահութեան գիծ» ծառայութիւնը կը գործէ աշխատանքային օրերուն` ժամը 12:00-էն 20:00, 85-01 եւ 85-03 անվճար հեռախօսահամարներով: