«Խանասո՜ր Է Պէտք, Խանասո՜ր…»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ      

– Ե՞րբ կը բազմանան Խանասորները.
– Երբ ժէռ կտրած սրտերը կը հալին,
երբ կոյր ձեւացող աչքերը կը բացուին, երբ խուլ ձեւացող ականջները կը լսեն, արցունքի փոխարէն վառօդը կը խօսի, հառաչանքի փոխարէն հրացանը կ՛որոտայ…

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Հայ գրականութեան Ղարիպին` Աւետիս Ահարոնեանի գրիչին կը պատկանին վերոնշեալ խորագիրն ու մէջբերումը: Սրտայոյզ տողեր, որոնց մէջ թաթաւուն կը հնչեն ժամանակակից հայու, հայութեան ապրած ճգնաժամն ու դառնութիւնը:

Իր «Ազատութեան ոգին» գրութեան մէջ (1901թ.), հեղինակը կ՛ողբայ իր ժողովուրդին  ցաւը, կոտորածը, հայրենի գիւղերուն աւերն ու կորուստը, կ՛ափսոսայ, թէ հեռու է իր հայրենիքէն, հայրենի տունէն: Ան պանդխտութեան մղձաւանջը կ՛ապրի իր հոգիի խորերը եւ իր իսկ ստեղծած տիպարին` արեւելքի գեղեցկուհիին (Ազատութեան ոգի) միջոցով կը փորձէ վերադառնալ հայրենի տուն, զգալու ջերմութիւնը հայաբոյր օճախին եւ վերակենդանացնելու պայքարի ոգին հայոց մօտ:

Եւ ահա՛, հեղինակին ակնարկութիւնը Խանասորի արշաւանքին, շեշտադրելով այս պատմական դրուագին հնչեղութիւնը, թելադրականութիւնն ու ազդուութիւնը` գալիք սերունդներուն վրայ:

Իրօք, երբեմն որքան դիպուկ եւ շահեկան են վերընթերցումները, երբ մոռացութեան տրուած տողեր ու մտքեր վերստին լոյսին կու գան եւ նորովի «կը զգեստաւորուին» մտքի պաստառին վրայ` տուեալ պահու իրավիճակէն թելադրուած:

Միւս կողմէ, միթէ չափազանցութի՞ւն ըրած կ՛ըլլանք, եթէ երբեք Ահարոնեանի վերոնշեալ մտածումները մարգարէաշունչ որակենք` տրուած ըլլալով, որ անոնք սերտօրէն կ՛առնչուին հայոց կեանքին, հասնելով մինչեւ Արցախեան գոյամարտի օրագրութիւն եւ հետագայ տարիներ:

«Խանասո՜ր է պէտք, Խանասո՜ր…»:

Իսկ ինչի՛ մասին է խօսքը, պատմական դրուագի՞ մը, քիւրտ ցեղախումբի մը դէմ արշաւանքի կազմակերպմա՞ն, հայ բազուկի հարուածի ուժգնութեա՞ն, թէ՞ ընթացիկ զինուորական արարքի մը, որ տեղի է ունեցեր 122 տարի առաջ հայոց լեռներու լանջերուն կամ դաշտերուն վրայ:

Յայտնապէս, հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերէն չեն պակսիր այնպիսի յաղթանակի պատումներ, որոնք պատուաբեր են եւ յարգանքի արժանի:

Այդուհանդերձ, արձանագրուած այդ անհաշուելի դրուագներու եւ հերոսական մարտերու կողքին ու գագաթին իր տեղն ու դերը ունեցած է Խանասորայ արշաւանքը:

Ինչո՛ւ:

Որովհետեւ արշաւանքը կ՛ընդգրկէ երկու հիմնական յատկութիւն, արժեչափ. եզակի մտայղացում (պատժական-վրիժառական) եւ կազմակերպչական տաղանդ (հարուածելու կամք): Աւելի՛ն. այս արշաւանքը խորքին մէջ կը բովանդակէր ուրոյն թելադրականութիւն մը` հայոց միասնականութեան ոգին ու արժանապատուութիւնը վառ պահող: Փաստօրէն, Խանասորայ դաշտին վրայ արձանագրուած յաղթանակը, եթէ երբեք մէկ կողմէ կը զգետնէր քիւրտ հրոսակները, ապա միւս կողմէ հայ բազուկի եւ նահատակներու վրէժ կը լուծէր` ցոյց տալով զազիր թուրքին, թէ հայ ֆետայիի  պարտաւորութիւնն է տէր կանգնիլ  նահատակ տղոց հեղած արեան:

Կարմիր սուլթանի մարդակեր ոճիրները (1895-96), որոնք տեղի ունեցած էին ամբողջ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին, պատճառ դարձած էին երեքհարիւր հազար հայերու սպանդին: Արիւնառուշտ սուլթանը, թէեւ կ՛որոճար աւելին, սակայն եւրոպացիներու միջամտութիւնը, իրենց կեղծ ու ստապատիր վարքագծով, փորձ մըն էր մեղմելու ոճիրին ահաւորութիւնը:

Վանի հայութիւնը ձեւով մը զերծ կը մնար սպանդներէ, որովհետեւ դիմած էր ինքնապաշտպանութեան: Մարտերուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հայ երեք կուսակցութիւններու ազատամարտիկները: Սակայն, ինչպէս միշտ, օտարներու միջամտութիւնն ու յեղյեղուկ քաղաքական հաշուարկները կը պարտադրէին, որ Վանի ֆետայիները, թիւով 800 հոգի, լքեն քաղաքը եւ հեռանան դէպի պարսկական սահման:

Դէպի Վասպուրականի լեռները հեռացող ֆետայիները կը թակարդուին թշնամի ուժերու կողմէ եւ մինչեւ մահ կը կռուին: Թուրքին կողմէ հրահրուած, այս անգամ Մազրիկ ցեղախումբը, իր կարգին մասնակցած էր սպանդին:

Հարիւրաւոր ֆետայիներու գլխուն կանգնած էին պաշտելի ղեկավարներ` արմենական Աւետիսեան, հնչակեան Մարտիկ եւ դաշնակցական Պետօ, որոնք իրենց կորիւններու հետ կը նահատակուին պատերազմի դաշտին վրայ` ամենագեղեցիկ ու վաւերական ապացոյցը տալով հայ մարտունակ բազուկի միասնական ուժին եւ գաղափարական կեցուածքին:

Իրօք, հայութիւնը ստացած էր ուժգին հարուած: Ազատամարտիկներու եւ ողջ հայութեան բարոյահոգեբանական վիճակը առաւել մտահոգիչ էր: Յուզումի եւ ողբի առընթեր, հիասթափութիւնն ու յուսալքումը աւերներ կրնային գործել:

Հարկ էր սթափիլ հարուածէն եւ լծուիլ աշխատանքի: Հայութեան արիւնոտ ծոցէն ծնունդ առած յեղափոխականի մը, անկրկնելի հայդուկապետի եւ եզակի ռազմագէտի` Նիկոլ Դումանի մտայղացումը ինքնին փրկութեան լաստն էր, ամօթի խարանէն ձերբազատելու եւ իր որջին մէջ հարուածելու դաւադիր թշնամին:

Փաստօրէն, ՀՅ Դաշնակցութեան 1896-97 Ռայոնական ժողովը կ՛որդեգրէր Նիկոլ Դումանի ծրագիրը, հակառակ կարգ մը ընկերներու տրտունջքին եւ անհամաձայնութեան (նկատի առած արշաւանքի ծանր գործն ու առաջնահերթ այլ աշխատանքներու հրատապութիւնը), եւ անոր կը յանձնէր կազմակերպչական աշխատանքի հսկայ ու ծանր պատասխանատուութիւնը` յաջողութեամբ պսակելու արշաւանքը:

Քրիստափոր Միքայէլեան եւ ուրիշներ թիկունք էին Նիկոլ Դումանի: Անոնք հաւատք ունէին նման երկաթեայ կամք ունեցող հայդուկի ուժեղ մտքին ու բազուկին: Իր կարգին, Նիկոլ Դուման, այդ ահաւոր օրերուն, երբ զէնքի ու զինամթերքի կարիք կար, երբ ֆետայիներու մարզումը անհրաժեշտութիւն էր, երբ յոյժ գաղտնի եւ ծրագրուած աշխատանքը հրամայական էր, կը յաջողի իր լրումին հասցնել ստանձնած պատասխանատուութիւնը, կը պատրաստէ աւելի քան 250 հոգինոց արշաւախումբ մը եւ ինք կը ստանձնէ յիսնապետի պաշտօնը` Խանասորայ Վարդանի (Մեհրապեան) ղեկավարութեան տակ:

Ու կը հասնէր պատժիչ գործողութեան պահը:  25 յուլիս 1897-ին, Արաուլ լերան լանջին կայք հաստատած հայոց դիւցազունները, այգաբացին, կը ստանան յարձակման ազդանշանը  եւ համազարկ բանալու հրահանգը:

Ֆետայիները, թէեւ լեցուած էին վրէժխնդրութեամբ, սակայն ականջալուր էին աննման հայդուկապետի պատգամին. «Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ՛ վրիժառու հայ ֆետային»:

Իրօք, Խանասորայ դաշտին մէջ վրանաբնակ մազրիկ ցեղախումբը, ի տես տեղատարափ համազարկին, անակնկալի եկած, կը դիմէր փախուստի: Նոյնինքն ցեղախումբի պետը` Շարաֆ բեկ, կնկայ շորերով ծպտուած փախուստ կու տայ, ցոյց տալով իր վախկոտ-թալանիչի կազմաւորումը:

Յետ սաստիկ մարտերու, Խանասորայ դաշտի քրտական վրանաքաղաքը հրկիզուած էր, մազրիկ  քիւրտը ստացած էր շառաչիւն հարուած եւ տեղի տալով հայ մարտական բազուկին ու կամքին առջեւ` փախուստ տուած էր շրջակայ լեռներ:

Հայոց արշաւախումբը, իր կարգին, ունեցած էր անդառնալի կորուստներ: Կային նահատակներ եւ բազում վիրաւորներ: Կռուողներու շարքին էր Ռոստոմի եղբայրը` Կարօ Զօրեան, որ մինչեւ մահ մարտնչած էր իր ընկերոջ կողքին:

Հայութիւնը կ՛ապրէր հոգեփոխութեան եւ ցնծութեան օրեր, թէեւ արշաւանքի ի պատասխան թուրքն ու քիւրտ զազրութիւնը դիմած էին ջարդի` տարբեր վայրերու մէջ: Ճիշդ է, որ հայ գիւղեր ենթարկուած էին բարբարոս յարձակումներու եւ տուած աւելի քան հինգ հազար զոհ, այդուհանդերձ, հայ ժողովուրդը ցոյց տուած էր իր խոյանքը, ցասումն ու դարերու կուտակուած պոռթկումը:

Դաշնակցական գրիչներ ու պատմաբաններ ամէն պատեհ առիթի շեշտած են այն իրողութիւնը, թէ Խանասորայ արշաւանքը պէտք չէ հատուածականութեամբ պիտակաւորել, այլապէս անիկա միասնականութեան ամրապնդման խորհրդանիշ է եղած, դաշնակցական աքթ մը ըլլալով հանդերձ, համազգային հնչեղութիւն ունեցող արարք է ըստ ամենայնի` վրէժխնդիրի ու պատժիչի որակով օժտեալ:

Այսօր վերանկախացած հայրենիքի երկնակամարին վրայ, երբ զազիր թուրք-ազերին կրկին կը սպառնայ հայոց գոյութեան եւ բնաջնջումի երազներ կ՛որոճայ, երբ Արցախի հերոսական բանակը ամէն օր կուրծք կը ցցէ թշնամի հրոսակներու, երբ Նախիջեւանի մէջ հաստատուած թրքական բանակներ տիւ եւ գիշեր կը պատրաստուին յարմար առիթին` ներխուժելու Հայաստան, երբ Արարատի գագաթին սեւ ամպեր կը կուտակուին, ի՛նչ կը մնայ հայոց պետական այրերուն ու քաղաքական մտքի ղեկավարութեան ընել, եթէ ոչ ցուցաբերել վճռակամութիւն, առաւել զգօնութիւն եւ միասնական ոգի` հեռու մնալով ամբոխավարական հաճոյքներէ, ատելութեան սերմեր հրահրելէ, պարզապէս յագուրդ տալով սեփական մտմտուքներու:

Հայոց բանակը այսօր, աւելի քան երբեք, պարտաւոր է իր շարքերուն ջամբել ազգային արժէքներու հայեցակարգը, զինուորական հաւատոյ հանգանակին վրայ գումարելու Խանասորայ արշաւանքին այժմէականութիւնն ու խոր իմաստը:

Փաստօրէն, Արցախի հպարտ լեռներու թէ սահմաններու վրայ կատարուող հայոց բանակի պատժիչ գործողութիւնները` թշնամիին դէմ, այլապէս իրենց բնոյթով կը կրեն Նիկոլ Դումանեան ռազմագէտի պայծառ մտածողութիւնն ու երկաթեայ կամքին թելադրականութիւնը:

Արդ, Խանասորները միշտ պէտք են եղած հայոց համար: