Քոնկրեսականը ԱՄՆ-ի Կողմէ ՀՀ-ն Ռազմավարական Գործընկեր Դիտարկելու Մասին Բանաձեւ Մշակած է

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահ քոնկրեսական Ֆրանք Փալոն հեղինակած է հայ-ամերիկեան ռազմավարական գործակցութեան մասին օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ հաւանութիւն ստանալու պարագային պիտի խրախուսէ ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը ՀՀ-ն իբրեւ ռազմավարական դաշնակից դիտարկելուն:

«Ամերիկայի ձայն»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Փալոն ըսած է, որ Հայաստանի մէջ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը բացած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման նոր հնարաւորութիւններ, արդէն՝ ռազմավարական մակարդակով:

«Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանը աւելի ժողովրդավար է, այնտեղ կ՝իշխէ օրէնքի գերակայութիւնը, կը խրախուսուի ազատ շուկայի ձեւաւորումը: Ուստի, ասիկա հնարաւորութիւն է մեր երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան նոր հարթակ ստեղծելու համար, ո՛չ միայն ժողովրդավարական սկզբունքներու, այլեւ՝ տնտեսական առումով, առեւտուրի ոլորտներուն մէջ»,- ըսած է քոնկրեսականը։

Ան նշած է, որ Քոնկրեսի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը կը նախատեսէ հայ եւ ամերիկեան օրէնսդիրներու միջեւ 2019-ին այցերու փոխանակում կազմակերպել:

Ֆրանք Փալոն նշած է, որ ժողովրդավարական արժէքներն ու օրէնքի գերակայութիւնը յարգող Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու համար կարեւրորագոյն գործընկեր է, եւ որ այդ արժէքներէն հայերը չեն կրնար ետ պահել նոյնիսկ Հայաստանի տարածքին վրայ տեղակայուած Ռուսիոյ զօրքերը:

«Արեւմուտքի մէջ համոզում կայ, որ քանի որ Հայաստանի մէջ առկայ են ռուսական ռազմակայան եւ ռուսական զօրքեր, երկիրը միանշանակ Ռուսիոյ ուղեծիրին մէջ է: Ես ատոր չեմ հաւատար եւ մենք՝ Քոնկրեսի մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներս, իրականութեան մէջ կը հասկնանք, որ Հայաստանը կախուած է Ռուսիայէն՝ ինքնապաշտպանութեան համար Թուրքիոյ կողմէ հնարաւոր ներխուժման կամ Ատրպէյճանի հետ հնարաւոր պատերազմի պարագային»,- ըսած է քոնկրեսականը: