Հրանդ Տինք Եւ Մեսրոպ Պատրիարք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լեւոն Շառոյեան

1996-ի այն օրէն ասդին, երբ սկսաւ հրատարակուիլ «Ակօս» թրքալեզու շաբաթաթերթը (ունի հայերէն մասնակի էջեր), ո՛չ միայն պոլսահայ հրապարակագրութեան, այլեւ բովանդակ Թուրքիոյ մամլոյ կեանքին մէջ հետզհետէ տիրապետող անուն մը դարձաւ անոր խմբագիրը՝ Հրանդ Տինք:

Հրանդ Տինք իր թերթին Ա. էջին վրայ ստորագրած առաջնորդող յօդուածներով ու վերլուծական գրութիւններով Երեւոյթ մը դարձաւ շուտով: Իր յանդուգն ու սրտաբուխ արտայայտութիւնները եւ «թապու»ներ քանդելու պատրաստակամութիւնը նորութիւններ կը բերէին ընթերցողին, բազմութիւններ կը հաւաքէին իր շուրջ:

Քիչեր գիտեն սակայն, որ «Ակօս»ի հիմնադրութեան մէջ էական ու կարեւոր դեր ունեցած էր նաեւ Մեսրոպ եպիսկոպոս Մութաֆեան, որ արդէն, սկզբնական շրջանին, յօդուածներով կ՛աշխատակցէր թերթին:

Երկուքն ալ, Մեսրոպ եպիսկ. եւ Հրանդ Տինք, համակարծիք էին այն գաղափարին՝ թէ հարկ էր դուրս բերել պոլսահայ համայնքը իր աւանդական ներամփոփ ու մեկուսացեալ վիճակէն ու զայն բանալ դէպի թուրք հանրութիւնը, դէպի արտաքին աշխարհ:

Օգտակար ու բարերա՞ր էր այսպիսի առաջադրանք մը, չեմ գիտեր: Ստոյգ է սակայն, որ ա՛յդ նպատակով կը հիմնուէր «Ակօս»ը, որ առաւելաբար թրքերէն հրատարակութիւն մըն էր ու խօսակից պիտի ունենար թրքալեզու այլազան բազմութիւններ (հայ, թուրք, քիւրտ), անոնց պատմէր հա0000Sharoyan2յուն երգերն ու վէրքերը…:

Պատրիարքական ընտրութիւններէն ետք, 90-ական թուականներու վերջերը, նկատելի սկսաւ դառնալ ամէնուն, թէ հետզհետէ խրամատ մը կը բացուէր ընդմէջ նորընտիր պատրիարքին ու «Ակօս»ի խմբագիրին: Գաղափարակից նախկին գործընկերները տակաւ առ տակաւ կը հեռանային իրարմէ, սլաքներ կ՛արձակէին իրարու, ալ չէին հանդուրժեր զիրար…:

Յաջորդող տարիները հաշտութեան կամ բարեկամութեան վերահաստատման հորիզոններ չբացին բնաւ: Հրանդ Տինք ու Մեսրոպ պատրիարք մնացին համայնքին ամէնէն երեւելի երկու անհաշտ դէմքերը…: Մեսրոպ պատրիարք «Ակօս»ի մէջ շարունակ թիրախ դարձաւ Տինքի ծանր եւ կծու քննադատութիւններուն: 2005-ին, մեր այս սիրելի երկու դէմքերուն հակադրութիւնը հասեր էր արդէն անբաղձալի համեմատութիւններու: Հրանդ Տինք տեւաբար կը մեղադրէր պատրիարքը համայնքին վրայ «մենատիրութիւն» հաստատելու յանցանքով, կը պնդէր որ ան շրջապատուիլ կ՛ուզէ միմիայն իրեն հլու-հնազանդ եղող «մանկլաւիկներ»ով…: «Մենք պատրիարքին հետեւորդները ըլլալ չենք ուզեր», կը գրէր Հրանդ: Այս սուր հակադրութիւնը բնականաբար արձագանգ կը գտնէր նաեւ թուրք մամուլին մէջ: Եւ պատրիարքն ալ, «Հիւրրիէթ» թերթին տրուած հարցազրոյցով մը կը յայտարարէր, թէ «Հրանդ Տինք հայ համայնքը կը վարկաբեկէ»…:

Ահա՛ այսպիսի ձգտեալ ու վատառողջ պայքարի մը տաք մթնոլորտին մէջ, յանկարծ, Մեսրոպ պատրիարք «Ակօս»ի (նաեւ հայատառ «Ժամանակ» օրաթերթին) դէմ ի գործ կը դնէր անսովոր պատիժ մը. կ՛արգիլէր Ազգ. Պատրիարքարանի ու եկեղեցիներու կողմէ ամէն տեսակ ծանուցումներու հրատարակումը յիշեալ երկու թերթերուն մէջ:

Այս քայլը ուրիշ բան չէր նշանակեր, եթէ ոչ տնտեսապէս «խեղդել» երկու թերթերը…:

Այս անբաղձալի վիճակը պիտի շարունակուէր ընդերկա՜ր, մինչեւ Հրանդ Տինքի ցնցիչ սպանութիւնը՝ 2007 Յունուարին:

Հրանդ Տինք դիտապաստ գետին փռուեցաւ «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ: Այդ պատկերը չե՛նք կրնար մոռնալ:

Բայց չենք կրնար մոռնալ նաեւ Մեսրոպ պատրիարքին արցունքները՝ երբ ան կը դամբանախօսէր Հրանդին յուղարկաւորութեան օրը, անոր դագաղին վերեւ…:

Հրանդ Տինքի անմոռանալի ու ամբողջ Պոլիսը ոտքի հանող արտասովոր յուղարկաւորութեան այդ օրը, ո՛չ ոք կրնար երեւակայել, թէ Մեսրոպ պատրիարքին աչքերէն հոսող արցունքները, իրականութեան մէջ, նախանշաններն էին վերահաս տարօրինակ հիւանդութեան մը:

Այո՛, պատրիարք սրբազանին այդ արցունքները միայն ծայրայեղ յուզումի կամ խորունկ վիշտի հետեւանք չէին: Իր ներսիդին արդէն իսկ սողոսկած էր անտեսանալի ու թաքուն ախտ մը, որ մէկ-մէկուկէս տարուան ընթացքին՝ հետզհետէ պիտի քանդէր ո՛չ միայն իր ֆիզիքական ամուր կազմուածքը, այլեւ պիտի մաշեցնէր զինք մտապէս ու հոգեպէս:

Պատրիարքին այս դառնաղէտ վիճակը ինծի կը յիշեցնէր պաղեստինցի հռչականուն ղեկավար Եասըր Արաֆաթի ոդիսականը: Ան ալ խորհրդաւոր ախտի մը զոհ չէ՞ր գացած 2004-ին:

2007-ի ամբողջ տեւողութեան, ամէն ոք պիտի սկսէր նշմարել, թէ հայոց պատրիարքը այլեւս նախկինը չէր: Քարոզելու, խօսելու, զրուցելու իր երբեմնի կարողութիւնը կը նահանջէր արագ թափով: Այլեւս շուտ կը յուզուէր, աչքերը յաճախ կը տամկանային, յիշողութեան լուրջ կորուստներ կ՛ունենար, մեկուսանալու անբնական հակամիտութիւն ցոյց կու տար: Ե՛ս ալ ականատես եղած էի, թէ ան ինչպէ՛ս փղձկեցաւ յանկարծ ու իր խօսքը անաւարտ թողուց՝ երբ հրաւիրուած էր արտասանելու գրագէտ Ռ. Հատտէճեանի 80-ամեակի յոբելենական հանդէսին հուսկ բանքը (Մայիս 2007):

Յաջորդող ամիսները բարի լուրեր չբերին մեզի: Պատրիարք սրբազանին հիւանդութիւնը անդառնալիօրէն մտահոգիչ բնոյթ ստացաւ: 2008-ին ա՛լ աներկբայօրէն կը հաստատուէր, որ պոլսահայոց հովուապետը մտած էր դէպի մահաքուն առաջնորդող դժխեմ ճամբու մը մէջ, տակաւ կազմալուծուելով ֆիզիքապէս ու կորսնցնելով նոյնիսկ քալելու, շարժելու կամ կլլելու իր բնազդային կարողութիւնները…: Ան մնայուն դարմանումի ու խնամքի տակ կ՛առնուէր Պոլսոյ հայոց գթութեան տան՝ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցին մէջ. տա՜սը տարի՝ անկողնոյ ծառայութիւն, անգիտակից վիճակով եւ Բուսական «վհատեցուցիչ» կեանք մը:

Իր այնքա՜ն փայփայած երազներէն մէկ քանին (Աղթամարի Ս. Պատարագը, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին վերանորոգութիւնը եւ այլն) կ՛իրականանային՝ առանց որ ինք տեղեակ ըլլար անոնց:

Տարաբախտ պատրիարքը իր վերջին շունչը փչեց 8 Մարտ 2019-ին, իր նախորդ Գազանճեան Գարեգին պատրիարքին վախճանումէն ճի՛շդ 21 տարի ետք (10 Մարտ 1998) ու իր «հոգեւոր ծնող» Շնորհք պատրիարքին արկածահար վախճանումէն ճի՛շդ 29 տարի ետք (7 Մարտ 1990):

Խունկ, մոմ եւ թարմ ծաղիկներ՝ իր հողակոյտին վրայ: