Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Եւ Ստեփանակերտը Դարձան Քոյր Քաղաքներ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի Ռայտ քաղաքը եւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը դարձած են քոյր քաղաքներ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը: Բարեկամական յարաբերութիւններ ձեւաւորելու պաշտօնական որոշումը ընդունած է քաղաքային խորհուրդը:

Այսպիսով, Ռայտը դարձած է Հայաստանէն դուրս գտնուող աշխարհի 8-րդ քաղաքը, որ քոյր-քաղաքութեան վերաբերեալ յուշագիր կնքած է Արցախի քաղաքներէն մէկուն հետ: Ասիկա կարելիութիւն կ՛ընձեռէ  զարգացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, փոխօգնութիւնը, փորձառութեան փոխանակումը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել ճանաչողութեան մակարդակը:

Նշենք, որ 2018-ին Ռայտը ճանչցած էր Արցախի Հանրապետութիւնը: Իսկ անկէ առաջ` 2012-ին, Արցախի անկախութիւնը ճանչցած էր նաեւ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգը: