Կարծախ Գիւղին Մէջ Ջիւանիի Օրը Նշուեցաւ

Սփիւռք

Սամցխէ-Ջաւախքի Կարծախ գիւղին մէջ, Յուլիս 20-ին, նշուեցաւ Ջիւանիի օրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը եւ դեսպանութեան դիւանագէտները։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Տօնական օրը սկսաւ Կարծախ գիւղի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ՝ Սուրբ պատարագով, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ խոնարհեցին Ջիւանիի արձանին առջեւ եւ շրջայց կատարեցին աշուղ Ջիւանիի տուն-թանգարանին մէջ։
Համերգային ձեռնարկին ելոյթներ ունեցան ՀՀ Հանրային ռատիոյի «Սայաթ Նովա» անսամպլը, Ախալքալաքի Մշակոյթի տան «Ջիւանի» անսամպլը եւ այլք։

Դեսպան Սադոյեանը աշուղ Ջիւանիի տուն-թանգարանին նուիրեց վիրահայ յայտնի նկարիչ Թենկիզ Միկոյեանցի նկարը։