«Ջիւանական եւ Տէրեանական Օրեր»` Ջաւախքի Մէջ

Էրկիր, Հայաստան

Յուլիս 20-ին եւ 21-ին Ջաւախքի Կարզախ եւ Գանձայ գիւղերուն մէջ ՀՀ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամը տեղական իշխանութիւններու հետ համատեղ կ՛իրականացնէ «Ջիւանական եւ տէրեանական օրեր» տօնակատարութիւնները:

Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեան, «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի (ՋԱՀ) պատուիրակութիւնը` Սօս Սահակեանի գլխաւորութեամբ, Վրաստանի եւ Հայաստանի պետական պաշտօնեաներ, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ գործարարներ, թանգարանագէտներ եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած հիւրեր:

Ձեռնարկին կատարումներով հանդէս պիտի գան Հայաստանի հանրային ռատիոյի «Սայաթ-նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր խումբը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղը, յայտնի երգիչներ եւ պարային համոյթներ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ աշուղական մրցոյթը, որուն նպատակն է վերականգնել հայկական մշակոյթին բնորոշ այս աւանդոյթը` նպաստելով աշուղական արուեստի արժեւորման ու մեծարման:

Այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան համտեսել Ջիւանիի հայրական տան թոնրատան թխուող հայկական աւանդական լաւաշը եւ ջրհորի սառնորակ ջուրը:

ՋԻՒԱՆԱԿԱՆ Օր
20.07.2019

10:30 — Գոհաբանական աղօթք Կարզախի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցոյ մէջ
11:00 —  յարգանքի տուրք եւ ծաղիկներու խոնարհում Ջիւանիի կիսանդրիին մօտ
11:30 —  այցելութիւն Աշուղ Ջիւանիի տուն-թանգարան
12:30 —  ձեռնարկի բացման պաշտօնական արարողութիւն, ելոյթներ
13:00 —  Համերգային ծրագիր
14:30 —  Հիւրասիրութիւն
17:00 —  Այցելութիւն ՋԱՀ-ի Ախալքալաքի նոր գրասենեակ

ՏԷՐԵԱՆԱԿԱՆ Օր
21.07.2019

11:00  — Սուրբ Պատարագ Գանձայի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ
12:00  — Այցելութիւն Վահան Տէրեանի տուն-թանգարան
13:00  — Ձեռնարկի բացման պաշտօնական արարողութիւն, ելոյթներ
13:30  — Համերգային ծրագիր
15:00  — Հիւրասիրութիւն