ՀՀ Քաղաքացիները Առանց Վիզայի Կրնան Այցելել 60 Երկիր

Հայաստան

Հայաստանը 2019 թուականի երրորդ եռամսեակին Henley & Partners ընկերութեան անձնագիրներու աղիւսակին մէջ կը գրաւէ 84-րդ տեղը. Հայաստանի քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան այելել 60 երկիր: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին նշուած է ընկերութեան կայքին մէջ։

Առաջին տեղը Ճափոնն ու Սինկափուրն են, որոնց քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան այցելել 189 երկիր: Երկրորդ տեղը՝ Գերմանիան, Ֆինլանտիան, Հարաւային Քորէան, որոնց քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան այցելել 187 երկիր, իսկ երրորդը` Դանիան, Իտալիան եւ Լիւքսեմպուրկն են` առանց վիզայի 186 երկիր մուտքի հնարաւորութիւնով:

Հայաստանին հարեւան Վրաստանը 52-րդն է, այդ երկրի քաղաքացիները կրնան առանց վիզայի այցելել 113 երկիր: